Հայրենի մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան նշանակուեցաւ Ալաշկերտի մարզիչ:
Նախապէս Խաշմանեան մարզած էր Ալաշկերտը եւ ախոյեան դարձած երկու անգամ` 2017-2018 եւ 2020-2021 տարեշրջաններուն: Ան 2018-2019 տարեշրջանին շահած է Հայաստանի բաժակի մրցաշարքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գերբաժակը` 2021-ին:
56 տարեկան Խաշմանեան, որ 1994-ին միացած էր ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ եղած էր Լիբանանի միջնապահ գիծի լաւագոյն օտար մարզիկներէն, աւելի ուշ միացած էր ՀՄԸՄ Երեւանէն: Ան 2008-էն դարձած է մարզիչ եւ մարզած Կիլիկիա, Գանձասար: Արարատ Երեւան խումբերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբը:
2019-էն 2020 ան նշանակուած է նաեւ Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ: