Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարքարանը, ուր Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքին փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները նախկին պատրիարքին` կարտինալ Իգնատիոս Մուսա Ա. Տաուտի վախճանումին առիթով:
Եունան պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` ցաւակցութիւն յայտնելու անոր նախաձեռնութեան համար:
Ան յայտնեց, որ Տաուտ պատրիարքին յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ եւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցին միշտ պիտի հպարտանայ իրմով:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Տաուտ պատրիարքին վախճանումը Լիբանանի համար կորուստ մըն է:


