Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիր յղած է` հայկական պատուիրակութեան Պուչա այցելութեան հետ կապուած: Ռուսական «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Անոր համաձայն, Մոսկուան ոչ բարեկամական քայլ կ՛որակէ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն ուքրանական այդ քաղաք այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ անթոյլատրելի արտայայտութիւնները Ռուսիոյ հասցէին եւ Քիեւին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելը:
«Երեւանի Նոր-Նորք վարչական շրջանի ղեկավար Տիգրան Տէր Մարգարեանի եւ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանի Պուչա քաղաք այցելութիւնը Երեւանի բացայայտ ոչ բարեկամական քայլ կը նկատենք: Մեզ կը մտահոգէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու կարիքներուն անոնց կողմէ օգնութիւն տրամադրելը եւ այնտեղ Ռուսիոյ դէմ կատարուած անընդունելի յայտարարութիւնները», ըսած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ Երեւանի վարչական շրջանի ղեկավարը «արեւմտամէտ» «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանի համախոհն է, «ուստի անոր արձագանգը շատ հասկնալի է»: Զախարովա նաեւ ցաւալի նկատած է այն փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համերաշխ են նման յայտարարութիւններուն հետ:
Յիշեցնենք, որ 31 մայիսին Պուչա քաղաքի վարչակազմը հրապարակած էր լուսանկարներով հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, Ուքրանիոյ Պուչա քաղաք այցելած են Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն ու Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավարը: Վերջիններս դեղորայքի տեսքով մարդասիրական օգնութիւն նուիրաբերած էին Պուչայի երկրորդական օղակի բժշկական հաստատութիւններուն:
Նոր Նորքի վարչական շրջանի ղեկավար Տիգրան Տէր Մարգարեան հակադարձելով Զախարովային ընկերային ցանցերուն վրայ գրեց. «Եղած եմ Պուչայի մէջ` մարդասիրական օգնութիւն յանձնելու համար: Անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ եմ նորէն երթալու: Հանդիպումներուս մէջ համոզուած եմ` Ռուսիան չի կրնար յաղթել Ուքրանիոյ. Ուքրանիոյ մէջ բոլորը այս պատերազմը կը նկատեն պայքար` յանուն անկախութեան եւ գերիշխանութեան»:


