Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի. «Ես Աջակցութիւն Յայտնած Եմ Ազրպէյճանի Նախագահին` Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Ապահովման Ուղղուած Ջանքերուն»

June 10, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 8 յունիսին այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ Սիսիի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Ներկայիս Ազրպէյճանն ու Հայաստանը որոշակի յաջողութիւններու հասած են իրենց պետական սահմաններու հաստատման հարցին մէջ, համաձայնեցուած է պետական սահմանի շուրջ 12,7 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածը»:

«Բանակցութիւններու միջոցով վերադարձուած են Ազրպէյճանի Ղազախի շրջանի չորս գիւղերը, որոնք երեսուն տարի բռնագրաւուած էին, եւ մենք ատիկա կը գնահատենք իբրեւ դրական փաստ», նշած է Ալիեւ:

Եգիպտոսի նախագահը իր կարգին յայտնած է. «Ես մէկ անգամ եւս պարոն Իլհամ Ալիեւին ըսի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ջանքերու կարեւորութեան եւ այդ ջանքերուն մեր աջակցութեան մասին»:

Փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութենէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Եգիպտոսի նախագահը ըսած է, որ Ազրպէյճանի նախագահին հետ քննարկած է Կազային եգիպտական օգնութեան յաւելման հարցը եւ 1967 թուականի սահմաններով Պաղեստինի պետութեան ստեղծման կարեւորութիւնը:

«Ես աջակցութիւն յայտնած եմ Ազրպէյճանի նախագահին` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն», ըսած է Ապտել Ֆաթթահ Սիսի:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է. «Ազրպէյճանի դիրքորոշումը յստակ է` պէտք է ստեղծուի Պաղեստինի պետութիւն, եւ արեւելեան Երուսաղէմը պէտք է ըլլայ անոր մայրաքաղաքը»:

«Անհրաժեշտ է որքա՛ն կարելի է շուտ դադրեցնել Կազայի այսօրուան ողբերգութիւնը, դադրեցնել պատերազմը, եւ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բանակցութիւններու միջոցով:

«Պաքուն կ՛աջակցի Գահիրէի այդ ուղղութիւններով թափած ջանքերուն, եւ պէտք է հաշուի առնել եգիպտական կողմի նախաձեռնութիւնները», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Մոսկուան Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բողոքագիր Յղած Է` Հայկական Պատուիրակութեան Պուչա Այցելութեան Հարցով

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.