ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Յարութիւն Մարկոսեան
Տէր եւ տիկին Քրիս եւ Ցողիկ Հեքիմեան եւ զաւակները` Վան եւ Սօսէ
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Քրիսթինա Մարկոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սահակ եւ Էմիլի Մարկոսեան եւ զաւակը
Խտըշեան եւ Պուլղուրճեան ընտանիքներ
Փայասլեան եւ Սիմիթեան ընտանիքներ
Տէր Գալուստեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ՎԱՆՕ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալաճեան)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 18 մայիս 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Ուաշինկթընի մէջ:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 7 յունիսին, Կլենտէյլի Ֆորեսթ Լոն, Կարմիր եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Բենիամին Սերոբեան
Տէր եւ տիկին Մհեր եւ Ռուպինա Պոյաճեան եւ զաւակներ` Սէրլի, Դաւիթ եւ Հրակ
Տէր եւ տիկին Քորի եւ Սարին Լարսոն եւ զաւակներ` Այլա եւ Աշըր
Տիար Սերժ Սերոբեան
Տիկին Ռոզին Զաքարեան
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Ֆերնանդ Պադարսէ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Համբիկ եւ Երան Զաքարեան եւ զաւակունք
Տիար Ժորժ Զաքարեան
Սերոբեան ընտանիք
Պոյաճեան ընտանիք
Լարսոն ընտանիք
Զաքարեան ընտանիք
Քէշիշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, զաւակին, մեծ մօր, քրոջ, աներմօր եւ հարազատին`
ՄԱՐՕ ՍԵՐՈԲԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԶԱՔԱՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, Քեմպրիճի մէջ, Քանատա, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 8 յունիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Henry Walser Funeral Home, 507 Frederick St., Kitchener մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Parklawn Cemetery, 750 Fountain St. N. Cambridge-ի Գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կիրակի, 9 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, սարկաւագական կարգ պիտի ստանան երեք դպրեվանեցիներ:
Ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. Պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Քարոզ` առաւօտեան ժամը 11:00-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու մեր դպրեվանքի ընծայեալներուն, որպէսզի իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ հաստատ մնան եւ ամուր քայլերով ընթանան «դէպի աղբիւրը Լոյսին»:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը:
Դիմել` հեռ. 03-412442:

