Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ն Իր Պատասխանատուութենէն Չի Հրաժարիր» Կ՛Ըսէ Արմէն Ռուստամեան

April 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնը նախընտրական քարոզչութեան շրջանին մէջ կ՛աշխատի ընդդիմութեան դաշտին մէջ, ոչ թէ իր կատարածի հաշուետուութեամբ հանդէս կու գայ, այլ աւելի լաւ կեանքի խոստումներ կու տայ:

Ռուստամեան ըսաւ, որ իշխանութիւններ ըսելով նկատի ունի ամբողջ համաձայնական կառավարութիւնը, որ կը խօսի փոփոխութիւններու մասին: Բայց հարց կը յառաջանայ, թէ այդ իշխանութիւնները ի՞նչ կ՛ընէին մինչեւ հիմա: Ըստ Ռուստամեանի, իշխանութեան յաջողութիւնը ընտրութիւններու ժամանակ կ՛ապահովուի ոչ թէ քարոզչական միջոցներով, այլ այն հաշուետուութեամբ, որ ինք կը ներկայացնէ: Ան նշեց, որ 5 տարին այդքան մեծ ժամանակահատուած չէ, որ մարդիկ չյիշեն մինչեւ հիմա, թէ ինչպէ՛ս եղած ես եւ հիմա անոր ըսելու իրաւունքը ունի՞ս, թէ՞ ոչ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը իր հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ չէ եղած որեւէ իշխանութիւն, որ եկած է իշխանութեան եւ մտածած է ժողովուրդին մասին, արդեօք այդ խօսքը Դաշնակցութեան ալ կը վերաբերի՞, որ 2007-ին իշխանութիւնը ձեռքը առած էր, Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը իր պատասխանատուութենէն չի հրաժարիր, պարզապէս կ՛ուզէ, որ նաեւ զայն մեղադրողները արդար ըլլան եւ այնքան պատասխանատուութեան հարցը բարձրացնեն, որուն իրաւունքը ունեցած է Դաշնակցութիւնը: «Վերջապէս այդ ժամանակ ալ եղած ենք 12-13 առ հարիւր եւ անոր համապատասխան շատ բաներ կատարած ենք, որուն մասին առանձին մենք միշտ բարձրաձայնած ենք: Բայց չենք յաջողած, որովհետեւ այդ տրամաբանութիւնը գործած է, որ մեծամասնութիւնը չէ ընդունած մեր մօտեցումը, փաստարկները: Հայեցակարգային փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը իրենք չեն ընդունած, որովհետեւ չեն ուզած հրաժարիլ այն համակարգէն, որ դժբախտաբար մինչեւ հիմա հիմնական չարիքը կը հանդիսանայ այս շարունակուող դժուարութիւններուն:

«Ազատութեան» ձայնասփիւռի կայանին լրագրողը ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Եթէ չէիք ընդուներ, ինչո՞ւ շարունակեցիք մնալ համաձայնական կառավարութեան մէջ: Յայտնի է, որ դուք համաձայնական կառավարութիւնը լքեցիք ոչ թէ ընկերային-տնտեսական հարցերուն մէջ անհամաձայնութեան, այլ` Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հետ կապուած հարցերով»: Անդրադառնալով այս հարցումին, դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ ասիկա պատճառներէն մէկն էր, բայց միակը չէր: Ան շեշտեց, որ տեսնելով, թէ համաձայնական կառավարութիւններուն մաս կազմելով դուն նաեւ կիսատ կը լուծես այն խնդիրները, որոնք քեզի համար կարեւոր են, Դաշնակցութիւնը որոշեց ընդհանրապէս համաձայնական կառավարութեան մաս չկազմել:

Նախորդը

Աթեշեան Սրբազան Եւ Շիրինօղլու Արընչի Հետ Կը Քննարկեն Եկեղեցապատկան Կալուածներուն Վերաբերող Խնդիրներ

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Ներկայացուց Նախընտրական Իր Կայքէջը` www.arf2012.am

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.