Մոսկուան կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի հաշտեցման: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, որ իրենք դրական կը գնահատեն խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման նպատակով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի 10 եւ 11 մայիսին Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները` շեշտելով, որ ատիկա եւս մէկ կարեւոր քայլ էր Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ճամբուն վրայ:
«Մոսկուան արդէն երկու անգամ` 2023 թուականի մայիսին եւ յուլիսին, ընդունած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու փուլերը», ըսած է Կալուզին` նշելով, որ իրենք պատրաստ են շարունակելու լիարժէք աջակցութիւն ցուցաբերել «Ռուսիոյ երկու եղբայրական ժողովուրդներու հաշտեցման, նպաստելու փոխադարձաբար ընդունելի եւ հաւասարակշռուած լուծումներու որոնման` ի նպաստ շրջանի բոլոր երկիրներու անվտանգութեան եւ բարգաւաճման»:
Բարձրաստիճան դիւանագէտը բարձր գնահատած է նաեւ Ասթանայի դերը հայ-ազրպէյճանական հաղորդակցութիւններուն առումով:
«Կարեւոր է, որ նման հանդիպումները համահունչ են 2020-2022 թուականներու բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրին կէտերուն, որոնք, բացի խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն, կը նախատեսեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակում, միացեալ սահմանի սահմանազատում», աւելցուցած է Կալուզին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի դէմ հետախուզական տուեալներ կը հաւաքէ:
«Այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած բազմաթիւ ռիսքեր կրնային մեղմացուիլ, եթէ 2022 թուականին Երեւանը համաձայնէր ՀԱՊԿ-ի միջոցով Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ կացութեան կայունացման ուղղուած քայլերու թղթածրարի իրականացման առաջարկին», նշած է փոխնախարարը:
«Ցաւօք, Հայաստանի ղեկավարութիւնը նախընտրեց հրաւիրել Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը, որ բնաւ ալ չի պաշտպաներ պետութեան սահմանները, այլ «հսկողութեան» անուան տակ զբաղած է Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ դէմ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրումով», ընդգծած է Կալուզին:
Ըստ անոր, ՀԱՊԿ-ի պարագային «խօսքը լուրջ նախաձեռնութիւններու մասին էր, ներառեալ սպառազինական օգնութիւնը, դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու եւ սահմանապահ զօրքերու պատրաստման հարցին մէջ օգնութիւնը»:
Կալուզին նաեւ ըսած է, որ Հայաստանը դադրած է հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութիւններու նկատմամբ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով, ինչ որ Արեւմուտքի ճնշումի արդիւնքն է:
«2023 թուականի նոյեմբերէն արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներ չեն եղած: Գործընկերները շահագրգռուած չէին մեր առաջարկով` մշակելու եւ կնքելու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու մէկ այլ ծրագիր: Մենք մեղաւոր չենք, որ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններու կշռոյթը նկատելիօրէն նուազած է: Նուազած է նաեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը: Մենք ատիկա կը նկատենք ճնշման արդիւնք արեւմտեան երկիրներու կողմէ, որոնք կը փորձեն Երեւանին ստիպել նուազագոյնի հասցնել մեր երկրին հետ կապերը», նշած է փոխնախարարը:
«Բայց եւ այնպէս, մենք յոյսով ենք, որ Հայաստանի իշխանութիւններու` խնդրայարոյց հարցերու եւ գրգռիչներու վերացման ուղղութեամբ աշխատելու հրապարակաւ հնչեցուցած մտադրութիւնը գործնական իրականացում պիտի ստանայ: Մենք ատոր պատրաստ ենք», ընդգծած է Կալուզին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ երկկողմանի հաղորդակցութիւնները չեն ընդհատուիր: «Օրերս` 8 մայիսին, Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստի ծիրին մէջ, մանրամասն զրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ: Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը փետրուարին հանդիպած է իր հայ գործընկերոջ հետ», նշած է Կալուզին:
«Մեր կարեւորագոյն արդիւնքները առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ են», շարունակած է ան:
«Տնտեսական համագործակցութեան երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբը արդիւնաւէտ կ՛աշխատի: Անոր համանախագահները` Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, պարբերաբար կը հաղորդակցին, ի միջի այլոց նաեւ ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ հանդիպումներու ընթացքին: Մենք կը համագործակցինք նաեւ հայ գործընկերներու հետ` մշակութային եւ մարդասիրական ուղիի վրայ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Կալուզին յայտնած է, որ Հայաստանի չմտածուած քայլերը կրնան անկարելի դարձնել Ռուսիոյ` ՀԱՊԿ-ի այլ երկիրներու հետ միասնական պաշտպանական տարածք ստեղծելու միացեալ աշխատանքին վերադառնալը:
Անոր համաձայն, Երեւանը, կը թուի, ուզած է «օգտուիլ պահէն այն պայմաններուն մէջ, երբ Արեւմուտքը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման նկատմամբ, ներառեալ անվտանգութեան ոլորտի մէջ»:
«Սակայն չմտածուած որոշումները, որոնք արեւմտեան երկիրներու համար պիտի ապահովեն ամբողջական հասանելիութիւն ազգային տուեալներու, երկրի անվտանգութեան համար զգայուն տեղեկութիւններուն, ոչ միայն ի վերջոյ կը սպառնան պետութեան գերիշխանութեան, այլ նաեւ կրնան առարկայականօրէն անկարելի դարձնել Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի միւս դաշնակիցներուն հետ միասնական պաշտպանական տարածքի կառուցման միացեալ աշխատանքին վերադառնալը», ըսած է դիւանագէտը:
Կալուզին վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն լիարժէք մասնակցութիւնը նախ եւ առաջ կը բխի հայ ժողովուրդի շահերէն եւ կը ծառայէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման:
«Կազմակերպութեան անդամակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զինուորական ոլորտին մէջ մեր երկրին հետ սերտ կապերը, դարձած են վերջին տասնամեակներու ընթացքին անկախ Հայաստանի զարգացման առանցքային գործօնը: Անկախ անկէ, թէ արեւմտականները Երեւանին ի՛նչ կը խոստանան, այսօր ՀԱՊԿ-ին, իբրեւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման մեքանիզմ, արդիւնաւէտ այլընտրանքներ չկան», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:


