Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով խորհրդական, դեսպան Աքիֆ Չակաթայ Քըլըչի հետ:
Ըստ Սպիտակ տան, կողմերը ընդգծած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կարեւորութիւնը:
Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով Պաքուի մէջ նոյեմբերին տեղի ունենալիք «ՔՈՓ29»-ի խորհրդաժողովը լաւ կարելիութիւն նկատած էր խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու համար:
Երեւան արձագանգած էր. «Ամէն օր ալ հրաշալի կարելիութիւն է խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու»: «Հիմա մենք ունինք մթնոլորտի էական փոփոխութիւն, սակայն ատիկա տակաւին չի նշանակեր, որ վերջ, հասած ենք եզրագիծին, եւ կը մնայ ստորագրել», ըսած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Հայկական կողմը նախապէս յայտարարած էր, որ տակաւին Ալմա Աթայի հռչակագիրի մասին կէտը խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ ամրագրելու շուրջ համաձայնութիւն չկայ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր բանակցուող խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը արդէն 9-րդ խմբագրման ենթարկուած է: Երեւանը ապրիլի վերջին հաստատեց, որ ստացած է Պաքուի հերթական առաջարկները:


