Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկիզբ առած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի բողոքի գործողութիւններուն` յայտարարելով, որ կ՛աջակցի խաղաղ բողոքի ցոյց կատարելու իրաւունքին:
«Մենք Հայաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի միւս բոլոր կառավարութիւններուն կը դիմենք` ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ յարգելու մարդոց` իրենց անհամաձայնութիւնը արտայայտելու հիմնարար իրաւունքը», «Էքս»-ի վրայ գրած է կազմակերպութիւնը:
Լեմքինի հիմնարկը, վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան տուեալները, կը նշէ, որ ձերբակալուած են առնուազն 88 մարդիկ, որոնք փորձած են փակել երկիրի մայրաքաղաքին փողոցները` ի նշան Ազրպէյճանին հողեր զիջելու կառավարութեան ծրագիրներուն դէմ բողոքի:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ցուցարարները վրդոված են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` սահմանամերձ քանի մը գիւղ Ազրպէյճանին յանձնելու վերաբերեալ անցեալ ամիս տուած որոշումէն:
Որոշումը Հայաստանի մէջ շատերը զայրացուցած է, եւ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւնը ըսած է, որ պիտի փորձէ Փաշինեանի դէմ պաշտօնազրկման հոլովոյթի սկսիլ: