Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:
Ան հանդիպումի ընթացքին քննարկած է կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման աջակցելու կարելիութիւնները: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մեթիու Միլըր:
Կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու ջանքերը, գերիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Կազային մարդասիրական օգնութեան յաւելման եւ շրջանային անկայունութիւնը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:


