ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՁԵՌԱՄԲ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
Կիրակի, 2 յունիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն պիտի կատարուի դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինի նորեկ եւ Ա. Ընծայարանի աշակերտներուն:
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ձեռնադրութենէն ետք Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին
ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 32-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Խօսք կ՛առնէ` Պետիկ Ծառուկեան
Գեղարուեստական յայտագիր
Շուշիի ազատագրութեան 32-ամեակին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու զարգացման մրցումի մրցանակաբաշխութիւն
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի «Շուշի» ժողովրդային տան մէջ:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը:
Դիմել` հեռ. 03-412442: