ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Եան Պորկ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ողջունած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին մէջ ձեռք բերուած յառաջընթացը:
«Սահմանազատման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, ինչ որ կը նշանակէ քայլեր հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ: Սակայն կայուն, երկարատեւ կարգաւորումը նախկինին պէս երկու կողմերէն կը պահանջէ լուրջ փոխզիջումներ եւ բաւականաչափ քաղաքական կամք, ըմբռնումը այն բանի, որ հասարակութեան մէջ անհրաժեշտ են համարձակ քայլեր եւ գործնապաշտութիւն», ըսած է ան: