Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու Պալատը Միաձայնութեամբ Հայաստանին Աջակցելու Բանաձեւ Որդեգրած Է

May 18, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 մայիսին Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու պալատը միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւ` Հայաստանին աջակցելու, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Լիւքսամպուրկի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն:

«Միջնորդութիւնը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի չհիմնաւորուած զինուորական գործողութեան պատճառով աւելի քան 100.000 հայերու բռնի գաղթը Լեռնային Ղարաբաղէն, յղում կատարելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի հրամանին` կոչ կ՛ուղղէ յարգելու միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները:

«Ընդգծելով 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրով շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը` կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման աշխատանքները եւ շրջանին մէջ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

«Կ՛ողջունէ Հայաստանի ժողովրդավարական յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը:

«Կ՛ընդգծէ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու խորացման կարեւորութիւնը նոր գործընկերութեան օրակարգի միջոցով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան կարեւոր յանձնառութիւնը եւ կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան դերի մեծացման: Կը խրախուսէ նաեւ Լիւքսամպուրկի, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, գիտական եւ կրթական կապերու ամրապնդումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Գրիգորեան. «Մենք Ռուսիայէն Չենք Խնդրած, Որ Ռուս Սահմանապահները Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ Սահմաններուն Վրայ Մնան»

Յաջորդը

Մինչ Կիրանցի Մէջ Ընդվզումը Կը Շարունակուի, Բագրատ Արք. Գալստանեան Կը Շարունակէ Իր Հանդիպումները Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.