Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուելիք խաղաղութեան համաձայնագիրը պատմական կարելիութիւն է:
Այս մասին Անգարայի մէջ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Թուրքիան եւ Վրաստանը, իբրեւ շրջանի երկիրներ, պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:
Վրաստանի վարչապետը իր կարգին յայտնած է. «Մեծ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուելիք խաղաղութեան համաձայնագիրի կարեւորութիւնը:
«Մենք կը հաւատանք, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ համաձայնութիւններ ձեռք պիտի բերեն»:
Ըստ անոր, Վրաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան կողմնակից է: