Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան յայտնեց, որ այսօր աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի պիտի հասնի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց, եւրոպական գործերու եւ առեւտուրի նախարար Եան Պորկը:
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում, որուն պիտի յաջորդէ նախարարներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսը: