Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «Ալմաթիի Մէջ Միրզոյեանի Հետ Բանակցութիւնները Երկու Օր Պիտի Տեւեն»

Մայիս 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ալմաթիի մէջ ընթացք առին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները` Ղազախստանի նախարար Մուրաթ Նուրթլէուի մասնակցութեամբ:

«Սփութնիք»-ի ղազախական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եռակողմ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է, որ Ալմաթիի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները պիտի տեւեն երկու օր:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ բանակցութիւնները շատ օգտակար պիտի ըլլան հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: «Վստահ եմ, որ Ալմաթիի մէջ բանակցութիւնները շատ օգտակար պիտի ըլլան, եւ մենք պիտի կարենանք արդիւնաւէտ աշխատիլ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին` գոյութիւն ունեցող բաց հարցերու լուծումներ գտնելու համար»:

Ան նաեւ նշած է, որ վերջին բանակցութիւններուն կարեւոր տարրը արձանագրութեան ստորագրութիւնն է, որով սկիզբ դրուեցաւ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթին: Պաքուի մէջ, անոր համաձայն, այս հոլովոյթին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն:

Պայրամով աւելցուցած է, որ այս պահուն միացեալ ջանքերով ականազերծուած են համապատասխան տարածքները, ճշդուած են աշխարհագրական տուեալները: Այս հատուածին մէջ սահմանային յենասիւներու տեղադրումը գրեթէ աւարտած է:

Միրզոյեան իր կարգին յայտնած է. «Մենք շատ կառուցողական ներգրաւուած ենք բանակցային հոլովոյթին մէջ: Աւելի՛ն, կը կարծենք, որ պէտք չէ սահմանափակուինք խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ: Մենք կրնանք աւելի հեռուն երթալ եւ ապաշրջափակել շրջանին մէջ բոլոր փոխադրամիջոցային կապերը` այն ընկալումով, որ բոլոր փոխադրամիջոցային կապերը կը մնան գերիշխանութեան, օրէնսդրութեան տակ այն երկիրներուն, որոնց տարածքով անոնք կ՛անցնին»:

Նախորդը

Ալիեւ. «Սահմանազատումը Կը Կատարուի Մեր Պայմաններուն Հիման Վրայ, Եւ Ասիկա Մեր Յաջորդ Յաղթանակն Է. Այդպէս Ալ Պիտի Շարունակուի»

Յաջորդը

Անհնազանդութեան Շարժումներ Եւ Երթեր` Երեւանի Եւ Հայաստանի Զանազան Շրջաններուն Մէջ. Փաշինեանին Անվստահութիւն Յայտնելու Հոլովոյթը` Քննարկման Փուլին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?