Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Բայց Շատո՜նց Խոստովանած Է…

Մայիս 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Բարեկամ մը քիչ առաջ ե-նամակով խոր ընդվզում արտայայտեց, որ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը իրեն պէս դրածոյի մը հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն ըսեր է, որ Հայաստան ո՛չ թէ չորս գիւղ պիտի յանձնէ Ազրպէյճանին, այլ չորս գիւղ պիտի ստանայ:

Անկեղծօրէն, երկար ատենէ ի վեր դադրած եմ այս դրածոներուն դատարկաբանութիւնները լսելէ, նա՛եւ այն պատճառով, որ յաճախ ժամեր կը խլեն ոչինչ ըսելու կամ իմաստազուրկ նախադասութիւններու ոլորապտոյտներ ստեղծելու համար (այսօրուանը զարմանալիօրէն միայն 70 վայրկեան տեւեց):

Բարեկամիս ըսածը եւ ընդվզումի շարժառիթները կասկածի տակ չդրի, սակայն խոստովանիմ, որ պատառիկներ լսեցի այդ հարցազրոյցէն, ներառեալ` գիւղեր յանձնել-ստանալու, «իրական Հայաստանի սահմանները ճշդելու» մասին (նաեւ այլ) «փիլիսոփայութիւննե՜րը»: Անգամ մը եւս աչքերուս դիմաց պարզուեցաւ դաժան ճշմարտութիւնը, թէ այս արարածը ամբողջ էութեամբ թշնամիին գործակատարն է, թշնամիին պահանջներուն պաշտպանը, քարոզիչը, այդ կը փաստեն անոր խօսքն ու մանաւանդ գործերը:

Ու բարեկամիս պատասխանեցի քանի մը բառով. «Ինչո՞ւ կը զարմանաս: Սա այն մարդը չէ՞, որ շատո՜նց բաց ճակատով խոստովանած է, թէ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն: Եթէ պահ մը միտքիդ մէջ պահես, որ ան թուրք-ազերիին ներկայացուցիչն է, ամէն բան տեղը կը նստի…»:

Ըսածներուն եւ ըրածներուն ցանկագրումը իմաստ չունի: Այս անգամ ալ նոյն վկայութիւնը ճառագայթեց հարցազրոյցին առաջին վայրկեաններէն, երբ իր որդեգրած (ազերիա-թրքանպաստ) քայլերը սկսաւ հիմնաւորել Ալմա Աթայի հռչակագիրով, մինչդեռ այդ հռչակագիրը ո՛չ մէկ կապ ունի հարցին էութեան հետ (խեղաթիւրման մէջ ալ անմրցելի եւ… աննախադէպ վարպետ է), անիկա առանց որեւէ հիմունքի հրապարակ նետուեցաւ Ազրպէյճանի (եւ Թուրքիոյ) կողմէ, «ամենագէ՜տ ազգընտիր»-ը մեծ ախորժակով որդեգրեց նա՛եւ այս (չ)հիմքը, եւ ահա, գոնէ երկու տարիէ ի վեր այդ ոչինչին վրայ կը կառուցուի ցնորական խաղաղութիւնը (նորագոյն դրուագները), որուն մասին ո՛չ մէկ երաշխիք կու տայ նոյնինքն խաչմերուկակիրը…

Եւ իսկապէս. եթէ պահ մը մտաբերենք «թուրքընտիր»-ին անցեալի հարցազրոյցներուն միտք բանին, նոյն ակնոցով դիտենք անոր յառաջիկայ ըսելիքներն ու ընելիքները, հետեւողական կերպով պիտի մրճահարուինք այն իրականութեամբ, որ Փաշինեան կը խօսի եւ կը գործէ թուրք-ազերիի տրամաբանութեամբ, թշնամիին շահերուն պաշտպանի դիրքերէն: Պարզ տրամաբանութեամբ, սա գիւղերը ստացողը Հայաստա՞նն է, թէ՞ Ազրպէյճանը: Ու եթէ իրական ստացողը Ազրպէյճանն է, պարզ չէ՞, թէ Փաշինեան ինչո՛ւ կ՛ըսէ, թէ «չենք տար, այլ կը ստանանք»: Յաւելեալ խոստովանութիւն մը` թէ ինք ազերի է իր մտածելակերպով, դիրքորոշումով, իբրեւ ազերի՛ է, որ կը ստանայ չորս գիւղ (վաղն ալ աւելին):

… Խոստովանութիւն մըն ալ աւելցնեմ: Բարեկամիս գրեցի մաղթանք մը, որ հայութիւնը դուրս գայ բթանոցէն (սա նորահնար բառ է, կը նշանակէ բութերու տեղ): Համեստ մաղթանք մը` մայիս մէկի տօնին առիթով:

1 մայիս 2024

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

32 Տարի Առաջ. Հայկական Ինքնապաշտպանութեան Ուժերը Ազատագրեցին Հինաւուրց Բերդաքաղաք Շուշին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?