Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միասնական Մնանք

May 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Վեց տասնամեակէ ի վեր միասնականութեան աւանդոյթը պահպանուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով: Հայկական բոլոր համայնքները, բոլոր կուսակցութիւնները եւ կազմակերպութիւնները մասնակից եղան հաւաքական որոշուած միջոցառումներուն: Ցեղասպանութեան իրողութեան, զայն յիշելու, յիշեցնելու ու պահանջելու մասին տարակարծութիւն չկայ:

Միւս կողմէ, քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութենէն ետք, մանաւանդ պարտութեան յաջորդած Արցախի կորուստէն եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք, նոր կացութիւն ստեղծուած է: Ազրպէյճանի գործած արարքները ցեղասպանական նկարագիր ունին եւ այդպէս ալ որակուեցան բազմաթիւ անկախ հեղինակութիւններու կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան մերօրեայ դրսեւորումներ կան, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի յիշատակուէին ելոյթներու առիթով: Անցեալին, Հայոց ցեղասպանութեան այժմէականութիւնը կ՛արտայայտուէր հայապահպանութեան դժուարութիւններով, հայութեան քաղաքական կեանքը արտայայտելու անկարողութեամբ, անկախութեան բացակայութեամբ: Իսկ հիմա՞:

Անկախ Հայաստանը, որ իրաւական տէրն է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարին, քաղաքական շիլ հաշիւներով տէր չի կանգնիր իր բնական պարտաւորութեան: Հայաստանէն նոյնիսկ տարօրինակ ձայներ կը լսուին, որոնք Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի կ՛ենթարկեն, որոնք մասնաւորաբար կը ժխտեն պահանջատիրական ամէն դրսեւորում: Եւ ասիկա ամենաբարձր ու պատասխանատու աղբիւրներէ:

Կարելի՞ է անտարբեր մնալ նման երեւոյթի մը նկատմամբ: Կարելի՞ է ընդունիլ, որ հայոց հայրենիքի մազապուրծ փրկուած ու ազգային պետականութեան ստորոգելիներով օժտուած պատառը ժխտէ ամբողջական հայրենիքի գոյութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ հայրենիքը պետութիւնն է արտայայտութիւնը: Ի՞նչ կը նշանակէ Ցեղասպանութեան զոհերու մարդահամարը կատարելու պահանջը: Չծաւալինք, որովհետեւ նման գիւտերը բազմաթիւ են դժբախտաբար. անոնք կը կրկնուին յաճախ, այլազան տարազաւորումներով:

Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտելու, կամ անոր տարողութիւնը նսեմացնելու փորձեր անցեալին ալ եղած են: Այդ փորձերուն հեղինակները, առաւելաբար օտարներ, մանաւանդ թուրքեր եղած են: Պատահաբար հայ անպատասխանատու անհատներ եւս, գիտականութեան պիտակով, Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը կասկածի ենթարկած են: Բայց այս վերջինները լուսանցքային տարրեր են, իրենց կատարած քննարկումն ալ մնացած է հաւասարապէս լուսանցքային:

Հայաստանէն հնչող վերջին երեւոյթներուն նկատմամբ չենք կրնար յանուն միասնականութեան անտարբեր մնալ: Անոնք կը հնչեն, ուղղակի եւ անուղղակի ձեւով պատասխանատու դիրքերէ եւ կը խախտեն Ցեղասպանութիւնը դատապարտող հայ ազգային սրբազան միասնութիւնը:

Անընդունելի այս խոտորումը արժանի է դատապարտման, անկասկա՛ծ: Դատապարտել կարելի է անուղղակի միջոցով, անհասցէ քննադատութեամբ եւ ճշմարիտին շեփորումով: Մեղքը կը շղարշենք ընդհանրական դիտարկումներով ու կը գոհանանք ապաշխարութեան յոյսով: Յանուն միասնականութեան:

Միասնականութիւնը սակայն հնարաւոր չէ իրագործել պահանջ մը եւ անոր ժխտումը դաւանողներու միջեւ: Իսկ ժխտումը դաւանողները դատապարտել կը նշանակէ… Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը դատապարտել: Ուշադի՛ր. իշխանութիւնը, ոչ` պետութիւնը: Հինէն եկած, խորհրդային վարչակարգէն ժառանգուած, միակուսակցական համայնավարութենէն փոխառուած գոյութիւն ունի պետութիւնն ու զայն ժամանակաւորապէս կառավարող իշխանութեան շփոթը: Իշխանութիւնը քննադատելով, անոր դէմ պայքարելով պայքարած չենք ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, պետութեան դէմ:

Կասկածէ դուրս է, որ ընտրուած իշխանութիւն մը, իրեն տրուած ժամանակամիջոցին տեւողութեան, կը ղեկավարէ պետութեան գործերը, իշխանութիւնը ընտրուած է նախընտրական ծրագիրի մը հիման վրայ, կառավարութիւն կազմած է ու այդ կառավարութիւնը նախընտրական ծրագիրի հետեւողութեամբ աշխատանքային ծրագիր ներկայացուցած է Ազգային ժողովին: Այս բոլորը օրինական են: Օրինական է նաեւ ընդդիմութեան գոյութիւնը եւ իշխանութեան գործողութիւնները քննադատելու սահմանադրական իրաւունքը:

Իշխանութեան քննադատութիւնը անօրինական չէ առհասարակ: Իսկ երբ այդ իշխանութիւնը իր իսկ մշակած ծրագիրին չի հետեւիր, կը գործէ հակոտնեայ եղանակով, ոչ միայն արժանի է քննադատութեան, այլեւ հրաժարականի օրինական պահանջի:

Մենք կը ճարենք ժողովրդավարութեան մասին, բայց մեր վերաբերումով կը մերժենք զայն: Միասնականութիւնը ոչ թէ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ձեւական գործելաոճով կ՛արտայայտուի, այլ այս երկուքին, թէկուզ տարբեր ճանապարհներով, ազգային միեւնոյն նպատակի հետապնդումով: Այս օրերուն` Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, ճանչցնելու ու հատուցում պահանջելու համազգային դաւանանքին:

Միասնական մնանք:

 

 

Նախորդը

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» Գիրքին Շնորհահանդէս` Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանին Մէջ

Յաջորդը

Սեննա 30 Տարի Առաջ Այս Օրը Մահացաւ

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.