Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Հետ Զրոյցի Ընթացքին. Պլինքըն Կ՛ընդգծէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Կայուն Ու Արժանապատիւ Խաղաղութեան Հասնելու Ճամբուն Վրայ Սահմանազատման Կարեւորութիւնը

Ապրիլ 30, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Պլինքըն բարձր գնահատած է Ալիեւի անցեալ շաբթուան յայտարարութիւնը, թէ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնած են ընդունիլ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրը իբրեւ սահմանազատման հիմք եւ ընդգծած ատոր կարեւորութիւնը երկու կողմերուն համար` կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի նախագահին կոչ ուղղած է պահպանելու իր հայ գործընկերոջ հետ կշռոյթը` վերահաստատելով այդ ջանքերուն աջակցելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի ատկէ, Պլինքըն վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` խորացնելու Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները ուժանիւթի, կլիմայի եւ հաղորդակցութիւններու ոլորտներուն մէջ:

Ան նաեւ անգամ մը եւս Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է պահպանելու մարդու իրաւունքներու միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակելու Ազրպէյճանի մէջ անարդարացիօրէն ձերբակալուածները:

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին յայտնած է, որ Ալիեւ ընդգծած է, թէ սահմանազատման հոլովոյթէն ետք երկու երկիրներու սահմանին վրայ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկը դրական քայլ է: Ան նշած է, որ Պաքուն կ՛աջակցի շրջանին մէջ շրջանային համագործակցութեան համարկուած հարաւկովկասեան բնորդի կառուցման` առանց բաժանարար գիծերու:

Կը նշուի նաեւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ:

Մինչեւ հիմա յայտարարուած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ընդհանուր թիւով 28 սահմանային սիւնի տեղադրման մասին:

Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն զրուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ յառաջընթացին: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կրկնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ալմա Աթայի հռչակագիրը իբրեւ սահմաններու սահմանազատման հիմք օգտագործելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը:

«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն նշած է Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարգաւաճ, ժողովրդավարական եւ անկախ ապագային վերաբերեալ վարչապետ Փաշինեանի տեսլականին աջակցելու Միացեալ Նահանգներու շարունակական ջանքերը»:

Նախորդը

Շոլց. «Կը Հաւատամ, Որ Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Այս Տարի Խաղաղութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Հանդիպին Ալմաթիի Մէջ

RelatedPosts

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով
Գլխաւոր լուրեր

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Հոկտեմբեր 24, 2025
Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան
Հայկական

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?