Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղութեան Ապուր

April 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Մարախլապատ, բազմագոռգոռ,
Գաղտագողի կամ բացայայտ
Երկիր մը կայ առանց բոցի բոցավառուող
Երկինքը կը ճգնի չիյնալ:

Ի՜նչ կեցեր էք կոկոզավիզ, հայորդինե՛ր,
Յաւերժ խնճոյք, նոր ծրագիր,
Երկինքը փուլ կու գայ, ո՞ւր էք,
Մեր պուճուրցած երկրի գլխուն:
Խոժոռ դէմքեր
Կ՛ուզեն խրել մեր երկիրը, տունն ու տեղը
մշակոյթն ու նոր սերունդը, աւանդութիւնն ու կրօնքը,
խունկն ու խինդը, խայծը, ֆոլքլորը
Երախին մէջ գարշահագագ թշնամիին:

Խոստմնադրուժ ու դաւադիր,
փուչիկ խօսքեր, փափուկ կեղծիք,
աջէն ձախէն սպառնալիք ու հրահանգ
բանտարկութիւն առանց դատի
ծեծ ու խոշտանգ`
բարիք սփռած նուիրեալին, երկիր պահած առաքեալին:
Գիւղացի եւ քաղաքացի` բիրտ ու բռնի
արցունք սրտով ու հրկիզուն աչքերով
պապենական տուն լքեցին:
Ստեղծուած էր Սոդոմ-Գոմո՛ր:

Իսկ պետերը
խարխափեցին ու վախցան,
մեղադրեցին, անճրկեցան,
առին-դրին, առին-դրին
Արեւելք գացին, Արեւմուտք գացին
Եւ ահա՛ փրկութեան լաստը գտան`
Խաղաղութի՜ւն, անմահութեան երաշխի՛ք.
Ան կու տայ բոյր` յոյսի յոյսին վաղվաղակի,
սուտ ու փուտ է, փուճ է, գոյժ է, բայց լուծում է,
հիմա այլեւս անո՛ր պահն է,
զօրքի պէս է, կը պաշտպանէ:
Այո, կարելի է թունաւորուիլ, սակայն
բնաջնջուելու հեռանկարէն
հեռու կը պահէ:

Անյուսալի կարճատեսնե՛ր
Ճիւաղը ճիւա՛ղ է:

Խաժամուժ է, իրարանցում
Ջահեր կը մարին, գահեր կը ճեղքուին,
«Թագաւորը մերկ է» կ՛ըսուի ամէն կողմէ,
գիտակցող չկա՜յ:
Լրտեսութեան ոստայն` ցայտք է կատաղութեան,
Տեսնող կայ` գծող չկայ
Բանի շոգին կայ` գրողը չկայ
Դաւադրութիւնը կայ, դիւանագէտը չկայ:

Խաղաղապուրի այս տեսակը
միայն վերջերս հանրայայտ դարձաւ:
Կնքահայր ալ ունի, խաչեղբայր, արջեղբայր
Քաւոր քաւարան, աչքը բաց բու, սեւ կկու,
Հաջո՛ղ կատու, իժ ու պոա, յովազ ալ կայ
Գիրուկ խոզուկ` պոչը վկայ.
Ոչ սրի՜նգ կայ, ոչ հովի՛ւ:

Խաղաղութիւնը մէկ հոգիով չի շինուիր
«Խաղաղութիւն մե՛նք ալ կ՛ուզենք» կ՛ըսեն հարեւանները,
բայց ճաշակելու համար խաղաղապուրը
նախ մեր հո՛ղը, ունեցուածքը, մեր հոգի՛ն կը պահանջեն:

Խոհարարապետը գլխուն հաւաքեր է
օթեակի խորհրդականները:
Կաթսան հսկայ է
սակայն կէսը պիտի լեցուի:
բնակիչներէն` ընտանիքով, փութով
գացեր են, գացի՜ն, եւ պիտի երթան ուրիշ երկիրներ:

Կաթսան բացօթեայ, կափարիչ չունի –
կարիճներ կու գան
կապիկներ ճկուն կը մագլցին ծառերէն,
աւանակներ ականջները փակած` հանգիստ կ՛ընեն,
ոչխարները սարսափեր են
հապա՞ եթէ իրենց միսն ալ անհրաժեշտ ըլլայ,
արծիւները` աս մեր գիտցած տեղը չէ՛, ըսեր հեռացեր են.
գրեթէ մարդ չէ մնացեր ապուր սպասող:

Շերեփ չկայ, երկար-երկար լեզուներ կան
յատկապէս խառնշտկելու պատրաստուած,
անոնք վարպետօրէն պիտի խառնեն կաթսան:
Լեզուի այն տեսակն է
Որ չ՛այրիր չի հալիր չի փրթիր,
չեչոտ քարի պէս կարծր է,
խճաքարի պէս խորտուբորտ:

Բաղադրութի՞ւնը, պարզ է –
Միսը Թուրքիայէն պիտի գայ
Ոսկորը Ազրպէյճանէն
Համեմը Պարսկաստանը կու տայ
Աղը Ֆրանսան
Ջուրը` Վրաստանէն
մէկ խօսքով` հարեւանները կ՛օգնեն:
Եռալէն ետք` անպայման մէկ ապուրի դգալ
կոկորդիլոսի արցունք աւելցնելու է,
ուրի՜շ համ կու տայ
խելքդ գլուխէդ կ՛երթայ,
եթէ մատ մնացեր է` մատներդ հետը կ՛ուտես:

«Այդ խաղաղապուրը համտեսելու համար
մեր գիւղե՜րն ալ կու տանք
հիւղակներն ու ապարանքները
հիւանդանոցներն ու դահլիճները
վարժարաններն ու եկեղեցիները,
անցքե՜րն ալ կու տանք
երկի՜րն ալ կու տանք…
մեր պապերուն ձեռակերտը ` աչքերնիս գո՛ց կու տանք,
մեր ժողովուրդի ոճրագործներուն առջեւ
խոնարհաբար ծունկի կու գանք`
մէկուկէս միլիոն նահատակներուն
անուննե՜րն ալ կը ցանկագրենք:
Այլեւս խռֆած ենք, ի՛նչ կ՛ուզէք` կ՛ընենք,
Օր ցերեկով ժողովուրդը հայ
զազրելի զնտանի մէջ կը բանտարկենք»:

Խոհարարապետը խժռուն դարձեալ կը պնդէ
եթէ նորահնար խաղաղապուրը չպարտադրէ
մէ՛կ օրուան մէջ ազգը անդիի աշխարհ կ՛երթայ:
Այո, ասանկ բաներ պատահած են առաջ,
մինչեւ վերջե՛րս ալ գործադրուած են: Վախնալու ենք, կ՛ըսէ:

Նոյնիսկ եթէ միս տան նեխած
փտած ոսկոր
համեմի տեղ պէս-պէս պղպեղ
աղի փոխան խճաքարեր,
Այս տեսակը խաղաղապուրի` կը ծակծկէ
ու կը ծածկէ ամէ՛ն խաղ:

Անհեթեթը այն է, որ խաղաղութեան ապուրը
Թունաւոր է, ճաշացուցակին մէջ չկա՛յ:
Պայթուցիկ խաղաղութիւն մը, որ քրքիջով անլսելի
Խաղերուն վրայ աղ ու պղպեղ ցանելէ ետք
պիտի պայթի ու անհետի. Սադայէլեա՛ն ծրագիր ունի:
«Երկիրը տո՛ւր, խաղաղութիւնը ա՛ռ.
կրնաս անկար դառնալ, բայց մենք խօսք տուի՜նք
Ձեր վախը փարատեցի՜նք»:

Ալ գլուխնի՜ս դարձաւ «խաչմերուկ»-ին վրայ տնտնալէն.
Մեր պապենական հողին վրայ շինած ապուրը ձեր`
առէ՜ք գացէք,
ձեր գիտցած քարտէսներն ալ անոր մէջ եփեցէք:

Թող մեր մինուճար երկիրը, մեր միտքն ու սիրտը
առանց խաղի ու խաբկանքի` այլեւս քիչ մը խաղաղի՜ն,
Մեր ջիղերը հանդարտի՜ն:
Թարմ ապուրը ձեզի՛, անխարդախը` մեզի:

Տեղեակ չէք հարկաւ, թէ ունէինք նախահայրեր սրբազան
Որոնք խեթ-խեթ կը նային ձեզի:
Մինչ ցած ձայնով կը յուշեն մեզի` թէ անյապաղ
Հայ եւ օտար վհուկները, բոլո՛րը մէկ, բոլո՜րը մէկ
Ապուրին մէջ հալի՜ն պիտի:

 

24 ապրիլ 2024

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Ապրիլ 2024)

Յաջորդը

Բոլորին Ընկերը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.