Ղուկասու աւետարանին մէջ կը կարդանք, որ առիթով մը օրէնքի ուսուցիչներէն մէկը կը մօտենայ Քրիստոսին եւ զայն փորձելու նպատակով կը հարցնէ. «Վարդապե՛տ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար» (Ղկ 10. 25): Յիսուս կը պատասխանէ. «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածը ի՞նչ է»: Օրէնքի ուսուցիչը կը պատասխանէ. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ մտքովդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ճիշդ պատասխան տուիր: Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս» (Ղկ 10. 28): Ի պատասխան Քրիստոսի` օրէնքի ուսուցիչը կը հարցնէ. «Ո՞վ է իմ ընկերս» (Ղկ 10. 29):
«Ո՞վ է իմ ընկերս»: Դարեր շարունակ մարդկութիւնը հարցուցած է այս հարցումը: Մտածած է անոր մասին: Փնտռած է անոր համոզիչ եւ տրամաբանական պատասխանը: Ուզած է գիտնալ, թէ ո՞վ է ճշմարիտ ընկերը, ո՞ւր կարելի է գտնել զայն, եւ ի՞նչ յատկութիւններով օժտուած է ան: Սակայն դժբախտաբար տակաւին պատասխան չէ գտած, որովհետեւ ինչպէս որ այդ ժամանակ օրէնքի ուսուցիչը հարցուց` «Ո՞վ է իմ ընկերս» (Ղկ 10. 29), նոյնպէս ալ այսօր մենք կը հարցնենք:
Եթէ բաղդատութիւն մը դնենք Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան շրջանին եւ մեր ապրած օրերուն միջեւ, պիտի տեսնենք, որ օրէնքի ուսուցիչը աւելի հաւանականութիւն ունէր այս հարցումին պատասխանը գտնելու, քան մենք: Որովհետեւ 21-րդ դարուն, դժբախտաբար, ընկեր բառը իր իսկական նշանակութիւնն ու արժէքը կորսնցուցած է: Եթէ պատահական անձերու հարցնենք, թէ ո՞վ է քու ընկերդ, կամ թէ` ի՞նչ կը նշանակէ ընկեր բառը, արդէն տասնեակ տարբեր պատասխաններ կը ստանանք:
Այսօր մենք, դժբախտաբար, ամէն մարդու համար ընկեր բառը կը գործածենք: Օրինակի համար, երբ Դիմատետրին մէջ պատահական անձ մը ուզէ մեր էջին մասնակից դառնալ, ըստ Դիմատետրին, ան մեր ընկերը կը դառնայ: Քաղաքականութեան մէջ երկիրներ, որոնք որոշ ժամանակուան համար երկուստեք շահեր ունին, զիրար «ընկեր» կը կոչեն: Ընկերային կեանքին մէջ մարդիկ կը փորձեն հռչակաւոր, բարձր դիրք վայելող եւ երեւելի անձերու հետ ծանօթանալ, նոյնիսկ` դրամի միջոցով, որպէսզի յայտարարեն, թէ այդ անձը իրենց սերտ ընկերն է: Մանաւանդ ընկերային ցանցերու այս դարուն որքա՜ն մեծ է թիւը համացանցով աշխատող ա՛յն անձերուն, որոնք աներեւակայելի գումարներ կը ծախսեն համացանցային ընկերներ եւ հետեւողներ (follower, subscriber) ունենալու համար: Ոմանք ալ ընկեր կը նկատեն այն անձերը, որոնք իրենց կարեւորութիւն կու տան, կամ տարբեր ծառայութիւններ կը մատուցեն: Եւ տակաւին շարքը կ՛երկարի…
Ինչպէ՞ս պիտի գտնենք այս հարցումին պատասխանը` գաղափարներու եւ կարծիքներու այս հսկայական բախումին մէջ: Մէկ բան յստակ է եւ ակնբախ: Այսօրուան մարդ արարածը չի կրնար մնայուն ընկեր ըլլալ, որովհետեւ այսօր կեանքը այնպէս մը եղած է, որ այսօրուան ընկերդ վաղուան թշնամիդ կ՛ըլլայ, այսօրուան զրուցակիցդ` վաղուան բամբասողդ, այսօրուան օգնականդ` վաղուան քարկոծողդ, այսօրուան բարեկամդ` վաղուան հալածողդ: Ափսո՜ս… այս է մարդկութեան վիճակը: Ուրեմն ո՞վ է մեր ընկերը:
Մարդկութեան իսկական, միակ եւ ճշմարիտ ընկերը Յիսուս Քրիստոսն է: Ա՛յն ընկերը, որ նախապէս մեզի հետ ծանօթ չէր, բայց եւ այնպէս, երկինքէն երկիր իջաւ մեզի համար: Ա՛յն ընկերը, որուն հանդէպ մենք ամէն տեսակի մեղք եւ սխալ գործած էինք, բայց եւ այնպէս, յանձն առաւ չարչարուիլ մեզի համար: Ա՛յն ընկերը, որ հակառակ մեր անարժանութեան` խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ մեզի համար: Հակառակ այս բոլորին` Քրիստոսի հետ ընկեր ըլլալը չափազանց դիւրին է. մեզմէ միայն կը պահանջուի զինք դաւանիլ իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ:
Քրիստոս ընկերը ունի հիմնական երեք յատկութիւններ.
Ա) Քրիստոս հաւատարիմ ընկեր է (Յայտնութիւն Յովհաննէսի 1.5): Ան ոչ մէկ պարագայի կամ պայմանի ներքեւ կը դաւաճանէ մեզ: Ան ոչ մէկ առիթի կ՛ուրանայ մեզ: Ան ոչ մէկ կացութեան դիմաց կը լքէ իրեն ապաւինողները, որովհետեւ ան իսկակա՛ն ընկեր է: Ընկե՛ր մը, որ անփոփոխ է` համաձայն Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքին. «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեան» (Եբրայեցիներուն 13. 8):
Բ) Քրիստոս անպայմանական սէր ունեցող ընկեր է: Քրիստոս մեզ կը սիրէ` առա՛նց ակնկալութեան, առա՛նց շահի, առա՛նց պահանջի, առա՛նց սահմանի: Պահ մը մտածենք այս նիւթին շուրջ, եւ մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօք մենք ի՞նչ ըրինք Քրիստոսի սիրոյն արժանանալու համար: Մարդոցմէ ո՞վ աղաչեց, որ Քրիստոս երկինքէն իջնէ մեզ փրկելու համար: Մարդոցմէ ո՞վ խնդրեց, որ Քրիստոս դատուի մեր փոխարէն: Մարդոցմէ ո՞վ խնդրեց, որ Քրիստոս չարչարուի մեզի համար: Մարդոցմէ ո՞վ խնդրեց, որ Քրիստոս խաչուի մեզի համար: Մեզմէ ո՞վ խնդրեց, որ Քրիստոս մեռնի մեզի համար: Քրիստոս այս բոլորը կատարեց, որովհետեւ սիրեց մեզ, շա՜տ շա՛տ սիրեց: «Ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած Ի՜նք սիրեց մեզ» (Առաջին Յովհաննէս 4. 10): Այդ սէրն էր, որ Քրիստոսը մղեց ինքզինք խոնարհեցնելով` մեզի հետ ընկեր դառնալու:
Գ) Քրիստոս ժամանակաւոր եւ դիւրափոփոխ ընկեր մը չէ, այլ` յաւիտենական ընկեր մը: Քրիստոսի հետ ունեցած մեր ընկերութիւնը կ՛երկարի մինչեւ յաւիտենականութիւն: Չմոռնանք, որ Քրիստոս ի՛նք ըսաւ. «Միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթէոս 28. 20): Ան ոչ միայն խոստացաւ մեզի հետ մնալ այս աշխարհին վրայ, այլ խոստացաւ մեզի համար տեղ պատրաստել նոյնիսկ երկինքի մէջ (Յովհաննէս 14. 3):
Այո՛, ճիշդ է, որ իբրեւ քրիստոնեաներ` մեր ճշմարիտ ընկերը Քրիստոս ի՛նքն է, բայց եւ այնպէս, մեր քրիստոնէական կոչումն է բոլոր մարդոց ընկեր ըլլալ: Ինչպէս որ մենք սիրուեցանք Աստուծոյ կողմէ` առանց սպասումի, այնպէս ալ պէտք է սիրենք մեր նմանները` առանց պայմանի եւ ակնկալիքի: Մեր նմանները ըսելով` չենք հասկնար մեր ընտանիքի անդամները, ազգականները, հարազատները եւ ծանօթները, այլ` ամէն մարդ, որ կը գտնուի աշխարհի վրայ` առանց նկատի ունենալու անոր կրօնը, հաւատքը, ընկերային դասակարգը, ցեղը եւ գոյնը:
«Ո՞վ է իմ ընկերս»: Քրիստոս գտած էր այս հարցումին պատասխանը: Պատասխանը հետեւեալն է. Քրիստոսի ընկեր կը նկատուի ամէն մարդ, որ ապրեցաւ, կ՛ապրի եւ պիտի ապրի այս աշխարհին մէջ: Աշխարհի մէջ չկայ անձ մը, որ արժանի է անընկեր մնալու: Չկայ մէկը, որուն մասին մտածելը աւելորդ է, որովհետեւ` «Չկայ արարած մը, որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի» (Եբրայեցիներուն 4. 13):
Շաբաթ, 20 ապրիլ 2024
Թեհրան, Պարսկաստան