Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փափազեան. «1,5 Միլիոնի Անունները Պարզելու Ցանկութիւնը Հակահայ Քայլ Է»

April 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անդրանիկ Քոչարեանը առանց Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգի այդպիսի կարեւոր յայտարարութիւն պիտի չընէր»: Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը` անդրադառնալով ՔՊ-ական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ պետք է ունենալ այդ 1,5 միլիոն ցեղասպանուած ժողովուրդի անուն ազգանունները:

«Հասկնալի է չէ՞, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ. այս հակահայ քայլով Փաշինեանը հարցականի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Մեզ կը յիշեցնեն Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած պատմաբաններու յանձնախումբի մասին, որ պատմութիւնը նորովի պիտի ուսումնասիրէր, որպէսզի որոշուէր, թէ 1915 թուականի դէպքերը ցեղասպանութիւն կարելի՞ է նկատել, թէ՞ ոչ: Այս մօտեցումը ամբողջովին անընդունելի է, ցեղասպանութեան փաստը իրողութիւն է, պատմագէտները աշխատած են, 30 երկիր ճանչցած է, վերջ», ընդգծեց ան:

Անոր համաձայն, Փաշինեանի իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնուած է հայ ժողովուրդի թշնամիներուն` ընդունելով, որ Տաւուշի չորս գիւղերը մաս կը կազմեն Ազրպէյճանին, ընդունելով, որ Արցախը ազրպէյճանական տարածք է, հարցականի տակ դնելով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, թշնամիներու շահերը կը պաշտպանէ:

«Ի՞նչ իմաստ ունի հաշուել ու պարզել 1,5 միլիոն զոհերու անունները: Երեւակայենք, որ Թուրքիան այս առաջարկը սեղանի վրայ դրած ըլլար, ամբողջ հայ ազգը կը դատապարտէր, չէ՞, կ՛առաջարկեմ դատապարտել զայն: Բոլորս մերժենք Հայաստանի կառավարութեան քայլը, որ վերադասաւորման կ՛ուզէ ենթարկել հայ ազգի պատմութիւնը», յորդորեց Փափազեան:

Ան շեշտեց, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յստակ քաղաքականութիւն կը վարէ` ազգային արժէքները չընդունելու քաղաքականութիւն:

«Չ՛ընդունիր, որպէսզի չշարունակենք ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, չ՛ընդունիր, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի վերադարձի պայքարը սեղանի վրայ ձգենք, չ՛ընդունիր սփիւռքը իբրեւ ազգի մաս, չ՛ընդունիր, որպէսզի Հայաստանի ժողովուրդին արժանապատիւ ապագայ ապահովէ: Ան վախի մթնոլորտ կ՛ուզէ հաստատել Հայաստանի մէջ եւ համաձայնած է Ալիեւի հետ, Փաշինեանը յատուկ ապագայ կը պատրաստէ հայ ժողովուրդին համար, այն է` ծունկի եկած», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Անդրանիկ Քոչարեանի` աւելի ուշ կատարած յայտարարութեան, թէ Ցեղասպանութեան զոհերու անուն ազգանունները պարզելու անհրաժեշտութիւնը ատիկա զուտ իր անձնական մօտեցումն է, Փափազեան ըսաւ. «Սուտ է, քննութիւն կը կատարեն, կը փորձեն ժողովուրդը, անոնք ստախօս են»:

Նախորդը

Միրզոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Իր Սէուտցի Պաշտօնակիցին Հետ

Յաջորդը

Միջազգային Քրէական Դատարանը Կրնայ Հայերուն Դէմ Ցեղասպանութեան Համար Հետաքննութեան Ենթարկել Ալիեւը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.