Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տը Թայմզ». «Բրիտանիան Հայաստանի Հետ Կը Բանակցի` Ապօրինի Ներգաղթեալները Այդտեղ Ուղարկելու Համար»

April 16, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի, Փղոսկրեայ Ափունքի, Քոսթա Ռիքայի եւ Պոցուանայի ներկայացուցիչներուն հետ կը բանակցի համաձայնագիրի մը շուրջ, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի ապօրինի ներգաղթեալներու այդ երկիրներ ժամանակաւոր տեղափոխում:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն արտահոսած փաստաթուղթերէն այս մասին տեղեկացած է բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը` մանրամասնելով, որ Բրիտանիան արդէն 18 ամիսէ ի վեր կը փնտռէ երկիրներ, որոնք պատրաստ են ընդունելու ապօրինի ներգաղթեալները:

Ըստ փաստաթուղթին, ապօրինի ներգաղթեալները պէտք է երկիրներուն մէջ տեղակայուին, քանի դեռ բրիտանական իշխանութիւնները կը քննարկեն ապաստանի տրամադրման վերաբերեալ անոնց դիմումները:

Լոնտոն կ՛ակնկալէ վերոնշեալ չորս երկիրներուն հետ կնքել Բրիտանիոյ եւ Ռուանտայի միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնագիրի համարժէքը: Կը նշուի նաեւ, որ Հայաստան կ՛ակնկալէ այս գործարքէն առնուազն 290 միլիոն սթերլինկ ստանալ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ քննարկուած է համագործակցութիւն Էքուատորի, Փարակուէյի, Փերուի, Պրազիլի եւ Քոլոմպիոյ նման երկիրներու հետ, սակայն անոնք, ըստ բրիտանական իշխանութիւններուն, նուազ հետաքրքրուած են այս համաձայնագիրով, իսկ Մարոքը, Թունուզը, Նամիպիան եւ Կամպիան «ակնյայտօրէն մերժած են» հարցը քննարկել:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայաստանի, Փղոսկրեայ Ափունքի, Քոսթա Ռիքայի եւ Պոցուանայի հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը կանգ առած է Ռուանտայի համաձայնագիրի հետ կապուած շարունակական խնդիրներու պատճառով, սակայն բրիտանական կառավարութիւնը յոյսով է, որ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ, երբ Ռուանտայի ծրագիրը գործարկուի:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան արձագանգելով «Տը Թայմզ»-ի հրապարակման «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը  եւ Բրիտանիան քաղաքական երկխօսութեան լայն օրակարգ ունին, իսկ նշեալ հրապարակման մէջ արծարծուած հարցով բովանդակային կամ թեքնիք բանակցութիւններ չեն եղած»:

Նախորդը

Շրջանի Ապահովական Մտահոգիչ Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Ճիգերը Կեդրոնացած Են Հրատապ Հարցերու Լուծման Վրայ, Հոն, Ուր Կարելի Է

Յաջորդը

Այցելութիւն Վայք Եւ Եղէգնաձոր Քաղաքներ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.