Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Վարդանեան Առաջադրուած Է 2024 Թուականի Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի Թեկնածու

April 9, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուբէն Վարդանեան առաջադրուած է 2024 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի` իր բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութեան համար: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած են շարք մը հեղինակաւոր անձեր, որոնց շարքին նաեւ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի դափնեկիր կայ:

Վարդանեանի գրասենեակէն կը յայտնեն. «Հեղինակաւոր անձերու կողմէ Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուած է այդ բարձր մրցանակին` շուրջ հինգ տասնեակի հասնող նոր եւ աննախադէպ կրթական, բարեգործական, գիտական եւ մարդասիրական կառոյցներու ստեղծման ու օժանդակման համար ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ շարք մը երկիրներու մէջ: Առաջադրողները տպաւորիչ եւ միջազգային գնահատականի արժանի նկատած են Ռուբէն Վարդանեանի` իբրեւ մարդասէրի եւ բարերարի կերպարը եւ անոր հետեւողական ջանքերը` ուղղուած նոյնիսկ պատերազմներու եւ անոնց սպառնալիքի, ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամերու ընթացքին մարդասիրական, բարեգործական ու ընկերային ծրագիրներու միջոցով երկարատեւ կայունութեան եւ զարգացման գործիքներու ներդրման:

«Այդ ծիրին մէջ մասնաւորաբար յիշատակուած է անոր գործունէութիւնը շրջափակուած Արցախի մէջ, ուր Ռուբէն Վարդանեան մեծ ջանքեր ներդրած է` փորձելով ոչ միայն մեղմել մարդասիրական ծանր կարիքները, այլ նաեւ ստեղծել դժուար վիճակի մէջ յայտնուած մարդոց ու երեխաներու կենսական պայմաններու բարելաւման կարելիութիւններ:

«Գնահատելի նկատուած է այն, որ Ռուբէն Վարդանեանի բարեգործութիւնը կ՛ընդգրկէ ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ միջազգային մակարդակները եւ համաշխարհային ազդեցութիւն ու նշանակութիւն ունի: Անոր հեղինակային մեծ նախագիծերէն մէկը` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ուղղուած է աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, բոլոր ցամաքամասներուն մէջ օգնելու եւ ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք վտանգելով սեփական կեանքը բարիք կը գործեն: Վարդանեանի առաջադրման ներկայացուած յարգարժան անձերու նամակին մէջ կարեւոր կը նկատուի նաեւ այն, որ ան յարգալից եղած է ոչ միայն իր ժողովուրդին, կրօնին, այլ նաեւ այլոց ժառանգութեան նկատմամբ. իբրեւ ատոր վառ օրինակ կը նշուի Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ վերանորոգուած Շուշիի իրանեան մզկիթը»:

Նախորդը

Սթանօ. «Եթէ Հայաստանը Իր Հողին Վրայ Ռուս Զինուորներ Կ՛ուզէ, Ատիկա Իր Գերիշխան Որոշումն Է»

Յաջորդը

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Մէջ Տեղակայուած Միջազգային Կարմիր Խաչի Գրասենեակը Տեղափոխուած Է Բարդա

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.