Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20 տարիներ առաջ հաստատուած «Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանք»-ի մրցանակակիր բոլոր աշակերտներուն շարադրութիւնները ամփոփող «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսն ու 2023 թուականի մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս առիթով կը հրատարակենք գիրքին մէջ տեղ գտած Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ուսումնական խորհուրդի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Մհեր Ջուլհաճեանի մտերիմներէն, այս գիրքի հրատարակութեան մէջ իր ներդրումը ունեցած եւ յառաջաբանի հեղինակ Յովիկ Պէրթիզլեանի գրութիւնը:
– «Ծառայել Հայութեան Դատին Եւ Ուրիշներն Ալ Հրաւիրել Նոյն Նուիրումին…» (Շահէ Արք. Փանոսեան Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց)
– Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր ( Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդ)
– Մհերը Առաջնորդ Եւ Ուսուցանող (Յ. Պէրթիզլեան)
«Ծառայել Հայութեան Դատին Եւ
Ուրիշներն Ալ Հրաւիրել Նոյն Նուիրումին…»
Ահաւասիկ մեր տրամադրութեան տակ կը դրուի իւրայատուկ հրատարակութիւն մը, որ արդիւնքն է լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան ճիգին:
Այս առթիւ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք այս նախաձեռնութիւնը եւ մեր կարգին կը հաստատենք, որ տակաւին մեր արմատէն նոր ծիլ կը ծնի: Վստահաբար մեր օժանդակութեան շնորհիւ է, որ մեր զաւակներուն կարողութիւններն ու շնորհները պիտի կատարելագործուին, եւ վստահաբար կ՛անդրադառնանք, թէ նուիրումը կը սկսի պզտիկ պարտականութիւններու ու փոքր զոհողութիւններու ճամբով, որպէսզի վերածուի խանդավառ երթի:
Հետեւաբար այս առթիւ կը մաղթենք, որ իրենց երկնային կայքին մէջ հրճուին մեր նահատակներուն հոգիները:
Անկասկած նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական տարեկան շարադրական մրցանքը արդէն իսկ վերածուած է խանդավառող մնայուն առիթի: Այս նախաձեռնութիւնը, որ հաստատուած էր 2003 թուականին, նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքի անդամներուն ու Ազգ. Ուսումնական խորհուրդի ճիգերով, նախ կը միտի քաջալերել մեր նոր սերունդին մօտ այն շնորհներն ու արժէքները, որոնք հայ դպրոցին ճամբով կը սերմանուին, ու նաեւ` նոր կեանք տալ հայրենիքի անկախութեան համար նահատակուած հերոսներու երազներուն ու իտէալներուն, որոնք այսօր ալ կրնան արժանաւոր ուղղութիւն տալ մեր հաւաքական ապրումներուն ու ձգտումներուն:
Կեանքին նոր բացուած երիտասարդ մըն էր արցախեան ազատագրական պայքարին նահատակուած Մհեր Ջուլհաճեանը: Ան կը հաւատար, որ կարենալ ապրեցնելու համար մեր ազգին դատը, պէտք է պայքարիլ եւ զոհուիլ:
Անկասկած հայրենիքի անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն օրինակը մեզ կը հրաւիրէ ծառայելու հայութեան դատին ու կը թելադրէ, որ ուրիշներն ալ հրաւիրենք նոյն նուիրումին: Այս հրաւէրը նոր սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը մեր պարտքն է: Հետեւաբար, պարտաւոր ենք առնուազն յիշեցնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ մեր հայրենիքը նուիրական արժէք է եւ, հետեւաբար արժանի է իրեն համար զոհուիլ գիտցող հերոսներ ունենալու: Նաեւ պարտաւոր ենք առնուազն յիշեցնելու, որ վաղուան պատմութիւն կերտելու պատասխանատուութիւնը կը յանձնուի նոր սերունդին` սպասելով եւ հաւատալով, որ մեր ազգային ձգտումները, մեր հին ու նոր երազներն ու իտէալները աւելի մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակուին, եւ աւելի մեծ գիտակցութեամբ ու գուրգուրանքով կը պահուի մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, ու կը պաշտպանուին մեր հոգեւոր ու բարոյական վիճակը երաշխաւորող ու ազգային դիմագիծը ապահովող ամէն տեսակի աւանդ ու արժէքներ:
Մեր անմահ նահատակներու յիշատակին դիմաց, այդ պէտք է ըլլայ մեր գիտակից ուխտը:
Հետեւաբար շարունակենք հայութեան համար մեծցնել ու հայրենիքին համար պատրաստել մեր զաւակները` հաւատալով, որ հայ հոգին դարձեալ նոր թափ ու թռիչք պիտի ստանայ, եւ հայութեան ուժն ու կորովը դարձեալ պիտի արթննան ու ոգեւորուին:
Ուստի աղօթենք, որ իրենց ապրումներով եւ իտէալներով մեր ժողովուրդի զաւակները ըլլան ուխտապահ` իրենց ինքնութեան հանդէպ, եւ իրենց կեանքի ամրութեան աւիշը քաղեն իմացեալ մահով իրենց փառքը կերտած մեր հերոսներու օրինակէն:
Յարատեւութեան մաղթանօք, մնամ սիրոյ ողջունիւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր
«Մհերը` ներշնչման աղբիւր» խորագրեալ այս գիրքը իր տեսակին մէջ եզակի հրատարակութիւն մըն է: Գիրքը կ՛ամփոփէ Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանքի 20 տարիներու մրցանակակիր աշակերտներուն շարադրութիւնները:
Նման գիրք մը հրատարակելու գաղափարը ծնաւ Մհերի նահատակութեան 25-ամեակին` 2018-ին: Աշխատանքը բաւական ճամբայ կտրեց, շարադրութիւնները հաւաքուեցան, ներածական խօսքը Յովիկ Պէրթիզլեանի գրիչով գրուեցաւ, սակայն լիբանանեան կեանքի յաջորդական տագնապները յետաձգեցին անոր լոյս ընծայումը:
2023-ին` Մհերի նահատակութեան 30-ամեակին, գիրքին հրատարակութեան աշխատանքները ունեցան նոր մեկնարկ եւ վերջին հինգ տարիներու մրցանակակիր շարադրութիւններու համալրումով ձեւ ու կեանք տուին այս հրատարակութեան, որ երբեք յաւակնութիւնը չունի անթերի գործ մը ըլլալու: Արդարեւ, 2003, 2004 եւ 2005 տարիներու շարադրութիւններէն մաս մը կը պակսի Ուսումնական խորհուրդի արխիւներէն: Նաեւ երկու տարի` 2013-ին եւ 2014-ին, մրցանքը չէ կազմակերպուած: Տարի մըն ալ` 2020-ին, մրցանքը բացակայած է ակամայ, «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով: Հետեւաբար գիրքը կը մէկտեղէ աշակերտական 110 շարադրութիւններ, որոնք յաջորդական դատական կազմերու կողմէ արժանացած են գնահատական առաջին երեք կարգի մրցանակի:
Նահատակ ազատամարտիկին ընտանիքին առաջարկով եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանքը ստեղծուած է արցախեան առաջին պատերազմի հերոս, լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով եւ, այնուհետեւ, տարեկան դրութեամբ կազմակերպուած է միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան համար: 2023-էն սկսեալ մրցանքը ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի աշակերտութեան բաժին:
Լիբանանի հայոց թեմի իրերայաջորդ առաջնորդներու բարեխնամ օրհնութեամբ, անցնող 20 տարիներուն Ուսումնական խորհուրդներ, խորհուրդներու գործավարներ եւ դատական կազմեր ձեռնամուխ եղած են մրցանքին յաջողութեան: Ուսուցիչներ ջանք չեն խնայած իրենց աշակերտները լաւապէս պատրաստելու այս մրցանքին: Աշակերտներ, ծնողներու քաջալերանքով, չեն զլացած իրենց առաւելագոյնը ներկայացնելու եւ մրցանքին մակարդակը բարձր պահելու:
Այսպէս, Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանքը դադրած է միջվարժարանային սովորական հանդիպում մը ըլլալէ, դարձած է նահատակ Մհերի յիշատակին ոգեկոչման տարեկան առիթ: Իւրաքանչիւր շարադրական մրցանքին հետ Մհերը վերապրած է մասնակից աշակերտներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Դարձած է մատղաշ տղոց ազգային ապրումներու ներշնչման աղբիւր եւ հայոց պատմութեան պահանջատիրական դաս:
Ազգային վարժարանի հայաշունչ յարկին տակ հասակ առած եւ կազմաւորուած Մհեր Ջուլհաճեան 23 օգոստոս 1993-ին կտրիճի մահով ինկաւ Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մէջ` իր կեանքով վճարելով իր ժողովուրդին ազատութեան գինը: Ան նուիրաբերեց իր ամէնէն թանկագինը` երիտասարդ կեանքը, հաւատալով, որ սեփական բազուկին եւ զէնքին ապաւինած հայ ժողովուրդը որեւէ նահանջ պէտք չէ ունենայ արցախեան պայքարին մէջ: Հայութիւնը եթէ կ՛ուզէ իր սահմանին եւ ճակատագիրին տէրը ըլլալ, պարտաւոր է հզօր պահել իր բազուկին զարկը:
Մհերին համար, պատերազմի դաշտին վրայ, Արցախի մէջ, հայուն կռիւը հայուն դատին եւ հողին համար մահուան գնով ծառայութիւնը եղաւ: Մհերը ինկաւ, որպէսզի ապրի հայ ժողովուրդը: Ու որքան կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, այնքան կ՛ապրի Մհերին յիշատակը:
Ահա արդէն տարիներէ ի վեր Մհերին հերոսապատումը դարձած է ազգային-դաստիարակչական աւանդ` լիբանանահայ աշակերտութեան: Աշակերտներ չեն ողբար ու սգար Մհերին նահատակութիւնը: Անոնք թուղթ ու մելանով, գիր ու մրցանքով վառ կը պահեն Մհերին սխրանքը` անոր նահատակութեան աքթը վերածելով խորհրդածութեան եւ ստեղծագործութեան արարքի:
Թէեւ Մհերը միայն 26 տարի ապրեցաւ, սակայն իր նահատակութենէն 30 տարի ետք ան կը յիշուի բիւրաւոր աշակերտներու, ծնողներու, կրթական մշակներու եւ պատասխանատուներու կողմէ: 30 տարի է` ան կ՛ապրի երկրորդ կեանքով մը, որ կը կոչուի անմահութիւն: Կ՛ապրի եւ սերունդներ կ՛ապրեցնէ իր օրինակով` իբրեւ սեփական հողի, ճակատագիրի եւ արժանապատուութեան համար զոհուած նահատակ: Իբրեւ իր ժողովուրդին նորօրեայ պատմութիւնը կերտող անմահ: Իբրեւ յուշարար անկորնչելի այն պատգամին, որ` Արցախի վերատիրացման համար, Արցախի համար թափած իւրաքանչիւր արեան կաթիլին կենսաւորման համար պէտք է ապրիլ մեր հերոսներու արժանավայել կեանքով:
Պէտք է հաւատալ մեր դատին եւ իրաւունքներուն արդարացիութեան:
Պէտք է հաւատալ մեր պայքարելու կամքին, ուժին եւ կորովին:
Մհերեան վճռակամութեամբ կերտելու համար համահայկական ու պատմական նոր յաղթանակներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Մհերը Առաջնորդ Եւ Ուսուցանող
Կեանքի սկիզբէն ի վեր աշխարհին վրայ իրարու դէմ պայքարի մէջ են Չարն ու Բարին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը աշխարհը կը քաշէ իր կողմը: Իսկ այդ պայքարի ընթացքին ի՞նչ կը կատարուի երկրագունդին վրայ: Ի՞նչ կը կատարուի մարդոց միջեւ, ժողովուրդներու միջեւ: Անոնց յարաբերութիւններուն մէջ բարի՞ն կը գերիշխէ, թէ՞ չարն ու ատելութիւնը: Կարգ մը ընկերաբաններ` դիտելով այսօրուան աշխարհը, քննելով մարդոց եւ ժողովուրդներուն վարքագիծը` իրաւունք ունին եզրակացնելու, որ, հակառակ 21-րդ դարու հաղորդակցութեան միջոցներու բարձր զարգացածութեան` մարդիկ եւ ժողովուրդներ աւելի շատ հակուած են օտարացման, որ` մարդուն եւ ժողովուրդներու միջեւ շատ աւելի գերիշխող կը դառնայ դաժանութիւնը: Թէեւ, հաւանաբար, Չարին եւ Բարիին պայքարին մէջ ոչ մէկ նոր բան կայ, անիկա սկիզբէն իսկ եղած է նոյնքան դաժան եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ամբողջ այս պայքարի ընթացքին կը ծնին մարդիկ, որոնց մէկ մասը կը զինուորագրուի Չարի բանակին, իսկ մէկ այլ մասը` Բարիի բանակին: Ո՛ր մէկուն զինուորագրուողներուն թիւը աւելի մեծ է: Տրամաբանօրէն պէտք է հաւասար ըլլան: Բայց մենք հակուած ենք մտածելու, որ Բարիի բանակին զինուորագրեալներուն թիւը աւելի մեծ է. պարզապէս մէկ չարը կրնայ 100 բարիի գործը փճացնել. ճիշդ այնպէս, ինչպէս մէկ փտած խնձորը կրնայ ամբողջ զամբիւղ մը խնձորը փճացնել:
Երկրագունդին վրայ ապրելու, նաե՛ւ իր գոյութիւնը պահպանելու համար ճանապարհ ինկած է նաեւ Հայը, երբեմն երերուն, երբեմն` հաստատուն քայլերով, երբեմն պարտուած, երբեմն ալ` յաղթած: Ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կ՛ըլլան Մեծ պայքարին վերիվայրումները:
Հայուն Բարիին տեսակը իր մէջ կը խտացնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը. ճիշդ այնպէս, ինչպէս Հայկ նահապետը, Սասունցի Դաւիթը եւ բոլոր միւսները` ֆետայիներ, ազատամարտիկներ եւ բոլոր դարերու հայ մարտիկներ, զինուորներ:
Ահա այդ Մեծ պայքարին իր չափով մասնակից է նաեւ հայ ժողովուրդը` արդէն աւելի քան 4000 տարիներէ ի վեր: Հայ ժողովուրդը կը ծնի զաւակներ, որոնք կը զինուորագրուին Բարիի բանակին` ապահովելու համար հայ ժողովուրդի գոյութեան շարունակականութիւնը իր սեփական հայրենիքի հողին վրայ:
Հայու այդ տեսակէն էր նաեւ Մհեր Ջուլհաճեանը, որ զինւորագրուեցաւ Բարիի բանակին` պայքարելու համար հայ ժողովուրդին չարիք ցանկացողներուն դէմ, որոնք հազարամեակներէ ի վեր կը փորձեն յօշոտել հայուն մարմինը` հայրենիքը:
Մհերներուն տեսակը մանկութենէն կը սկսի քայլ առ քայլ գծել ապագայի իր ճանապարհը, որով պիտի քալէ դէպի յաւերժութիւն: Այդ ճանապարհը կը սկսի ընտանեկան դաս- տիարակութեամբ, կը շարունակուի դպրոցին մէջ, կը թրծուի գաղափարական հնոցի մէջ, եւ արդէն այդ տեսակը կոտրել կարելի չէ, ան պատրաստ է իր ետեւէն տանելու շատերը, դաստիարակելու իր օրինակով:
Հայրենասիրութիւն, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, յանձնառութիւն: Եթէ ասոնք խտացան մարդու մը մէջ, ահա՛ կը ստեղծուի Մհերին տեսակը, Հա՛յը, որ շատերուն առաջնորդն է եւ հայրենիքին տէրը:
Ան երբեք ճիգ չ՛ըներ մարդիկ առաջնորդելու, բայց բազմութիւններ կը հետեւին իրեն, ան երբեք ճիգ չ՛ըներ դաստիարակողի դեր ստանձնելու, բայց կը դառնայ Ուսուցանող: Վկա՛յ այս գիրքը, որ մեր ձեռքերուն մէջն է:
***
Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս մրցանքին կը մասնակցին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ, որոնք պատանեկան անկեղծութեամբ, զգացմուն- քայնութեամբ կ՛արտայայտեն իրենց մտածումներն ու ապրումները:
Կարդալով պատանի աշակերտներուն շարադրութիւնները` մենք անգամ մը եւս կը հաստատենք Մհերի տեսակին առաջնորդ եւ ուսուցանող ըլլալը, իր հերոսական անձնական օրինակին հետեւելու պատրաստ սերունդներուն անկոտրում կամքն ու յանձնառութիւնը կոփելու կարողութիւնը:
Մհերի նահատակութենէն ծնած այս գիրքը լաւագոյն փաստն է ազգային դաստիարակութեան արդիւնաւէտութեան:
Մհերի նահատակութենէն անցած են 25 տարիներ, բայց գաղափարական դաստիարակողի իր դերը կը շարունակուի: Գիրքին մէջ կը տեսնենք, թէ ան իր օրինակով ինչպէ՛ս պայքարի ոգի եւ հայրենասիրութիւն կը ջամբէ հայ աշակերտին:
Այս աշակերտներուն գրութիւններուն մէջ մենք կը վկայենք անոնց սէրը` հանդէպ հայոց լեզուին, որ իր կարգին հայրենասիրութեան եւ յանձնառութեան մէկ այլ դրսեւորումն է:
Այս աշակերտներուն մէջ մենք կը տեսնենք հպարտ հա՛յը, որ արդիւնք է Արցախի յաղթական աւարտ ունեցած ազատամարտին, եւ որուն համար հայ ազգը շնորհակալ պէտք է ըլլայ Մհեր Ջուլհաճեանին եւ բոլոր ժամանակներու բոլո՛ր նահատակներուն, որովհետեւ անոնք մեզի կու տան ահա- ւասիկ այսպիսի հոյակապ սերունդ, որ կը յուսադրէ մեզ, լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:
Այս աշակերտները կու գան ըսելու, որ վերցուցած են Մհերներու պայքարի ջահը եւ պատրաստ են ինքնավստահօրէն շարունակելու պայքարը:
Մհերներուն յաջորդները մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի նոր յաղթանակներ, դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Յ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
2018