Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին` Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ֆրանսա համագործակցութեան մասին: 2 ապրիլին, Փարիզ գտնուելուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր ֆրանսացի պաշտօնակից Սթեֆան Սեժուռնէի հետ քննարկած էր հարաւկովկասեան զարգացումները
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են. «Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ, հաւատարիմ են Հարաւային Կովկասի շրջանի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագան խթանելու (գործին): Մենք յանձնառու ենք աջակցելու Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է` խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած ըլլալ` երկկողմանի, գործընկերներու հետ եւ բազմակողմ կազմակերպութիւններու միջոցով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը դիւրին դարձնելու համար»:


