Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոսարանը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն նկատմամբ:
«Ֆրանսան մտահոգուած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ երէկ տեղի ունեցած միջադէպերով: Իսրայէլի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու որեւէ միակողմանի գործողութենէ, որ կասկածի տակ կը դնէ Երուսաղէմի սթաթիւս քոն», նշուած է «Էքս»-ի վրայ հիւպատոսարանի գրառման մէջ:


