Ստեփանակերտ տանող ճամբան փակ է. Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքը, որ ճանչցուած է Միջազգային դատարանին կողմէ, այսօր կ՛ոտնահարուի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի:
«Ստեփանակերտ տանող ճամբան փակ է: Լեռնային Ղարաբաղի 100 հազար հայ բնակիչներ 9 ամիս տեւած շրջափակումէ եւ Ազրպէյճանի դաժան յարձակումէն ետք ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները: Անոնց վերադարձի իրաւունքը, որ ճանչցուած է Միջազգային դատարանին կողմէ, այսօր կ՛ոտնահարուի», գրած է դեսպանը: