Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Ծերակոյտին Մէջ` Արցախի Վերաբերեալ Քննարկումներ

Մարտ 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 25 մարտին Պելճիքայի ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշխարհաքաղաքական զարգացումները Հարաւային Կովկասի մէջ. կիզակէտի տակ` Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախ» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկումը:

Քննարկումը տեղի ունեցաւ ծերակուտական Մարք Տեմեսմէյքըրի եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին համագործակցութեամբ, եւ անոր մասնակցեցան` պելճիքացի խորհրդարանականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Կլոր սեղանի չորս հիմնական բանախօսներն էին`

– Էլս վան Հուֆ` Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ,
– Փոլ Միերց` միջազգային բանակցութիւններու վերլուծաբան եւ «Քլինկենտայել» հիմնարկի համահիմնադիր,
– Գեղամ Ստեփանեան` Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան,
– Բենիամին Պօղոսեան` «Ապրի Արմէնիա» հիմնարկի աւագ գիտաշխատող:

Համաժողովին հիմնական նպատակն էր համապարփակ վերլուծութեան ենթարկել սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումները, մասնաւորաբար` Արցախի հակամարտութեան լոյսին տակ:

Բանախօսները միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային հանրութեան արձագանգի տեսանկիւններէն ներկայացուցին տարածաշրջանային զարգացումները: Յատուկ ուշադրութեան արժանացան միջնորդական ջանքերու կարեւորութեան վերաբերող քննարկումները` անդրադարձ կատարելով յատկապէս Եւրոպական Միութեան դերին: Քննարկման մասնակցողները փորձեցին նախանշել ապագայ հեռանկարները, հնարաւոր զարգացումները եւ յստակ քայլերը` Արցախի հայերու անօտարելի իրաւունքները պաշտպանելու համար:

Նախաձեռնութեան բացման խօսքերը արտասանեցին` ծերակուտական Տեմեսմէյքըր, Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան եւ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

«Այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջանը` անմիջականօրէն տեսած եմ հակամարտութեան ազդեցութիւնը: Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը եւ Արցախի ցեղային զտումները միանգամայն անընդունելի են: Մենք պէտք է ճնշում գործադրենք Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային հանրութեան վրայ` վերջ տալու անպատժելիութեան: Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ վրայ կեդրոնանալով` Հարաւային Կովկասը չանտեսելը կարեւոր է: Մենք չենք կրնար անտեսել այս տարածաշրջանի տառապանքը եւ անկայունութիւնը», շեշտեց Տեմեսմէյքըր:

«Վերջերս Արցախի խորհրդարանի շէնքին քանդումը կը խորհրդանշէ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակապէս «մշակութային զտումը»: Մենք չենք կրնար լռել այս հարցին դիմաց: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է վերագնահատէ իր յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ եւ օգտագործէ իր քաղաքական գործիքակազմերը` դադրեցնելու հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտումները: Պէտք է եւրոպական մակարդակի վրայ նկատի ունենալ պատժամիջոցներ կիրարկելու տարբերակը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Էլս վան Հուֆ:

Փոլ Միերթս, իր կարգին, անդրադառնալով բանակցային գործընթացին` ըսաւ. «Բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտելու համար պէտք է համաբնագիրին մէջ փոփոխութիւն ըլլայ: Ուժը եւ բանակցութիւնները միասին կ՛ընթանան: Հայաստան չի կրնար բանակցութիւններու մէջ մտնել թուլացած դիրքերով: Այսպիսով, Հայաստանի համար հրամայական է ուժեղացնել իր ռազմական հնարաւորութիւնները եւ ամրապնդել իր դիրքերը բանակցային սեղանին շուրջ` տարածաշրջանին մէջ կայունութեան համար»:

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդին դիմաց ծառացած շարունակական մարտահրաւէրներուն: «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի տառապանքները շարունակուեցին 2023 թուականի սեպտեմբերի բռնի տեղահանութիւնից յետոյ: Հայաստան ժամանելուն պէս Արցախի ժողովուրդը շարունակեց բախուել բազմաթիւ մարտահրաւէրների` կացութեան կարգավիճակից սկսած մինչեւ ընկերային, բնակարանային, սննդի եւ աշխատանքի հետ կապուած խնդիրները: Սեմինարը արժէքաւոր հնարաւորութիւն է ընձեռում անդրադառնալու այս խնդիրներին եւ լոյս սփռելու Արցախի ժողովրդի առօրեայ պայքարի վրայ, ինչպէս նաեւ` նպաստելու միջազգային հանրութեան զօրաշարժի ենթարկելը` Արցախի ժողովրդի մարդասիրական կարիքների եւ իրաւունքների պաշտպանութեան գործում», ըսաւ ան:

Բենիամին Պօղոսեան շեշտեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու հարցին քննարկումը` յայտարարելով. «Կար սկզբունքօրէն թերի տրամաբանութիւն, որ Ազրպէյճանի նկատմամբ հանդարտեցման քաղաքականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կործանման ընդունումը ճանապարհ կը հարթեն Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համար: Փոխարէնը` դա միայն ստիպեց Ազրպէյճանին աւելի յարձակողական լինել Հայաստանի նկատմամբ, եւ այժմ բախւում ենք Ազրպէյճանի կողմից նոր մագլցումի իրական սպառնալիքի` ռազմավարական նպատակ ունենալով բացել ցամաքային միջանցք Նախիջեւանի եւ Թուրքիայի հետ` գրաւելով Հայաստանի որոշ հատուածներ»:

Իր խօսքին մէջ Գասպար Կարապետեան երախտագիտութիւն յայտնեց ծերակուտական Տեմեսմէյքըրին, բանախօսներուն եւ ներկաներուն` արցախահայութեան իրաւունքներուն իրենց աննկուն հաւատարմութեան համար: «Այս կլոր սեղանը կը ծառայէ` իբրեւ կարեւոր հարթակ երկխօսութեան խթանման եւ Արցախի հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող ջանքերը յառաջ մղելուն: Պելճիքայի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն համար հրամայական է ճնշում գործադրելը Ազրպէյճանի վրայ` Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղային զտումներուն համար` փաստօրէն վերջ դնելով Ազրպէյճանի անպատժելիութեան: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի վրայ` Պաքուի մէջ գտնուող բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները ազատ արձակելու համար: Շարունակական շահերու պաշտպանութիւնը կը մնայ առանցքային` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ կայունութեան ապահովման համար», ըսաւ Կարապետեան:

Քննարկումը աւարտեցաւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին բանախօսները եւ քաղաքական գործիչները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հեռանկարային միջոցները:

Նախորդը

«Ստեփանակերտ Տանող Ճամբան Փակ Է. Արցախի Հայերու Վերադարձի Իրաւունքը Կ՛ոտնահարուի» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

Յաջորդը

Պրիւքսելի Մէջ` Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Նոր Գրասենեակի Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?