Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանական Հեռատեսիլը Կը Բացայայտէ Եւրոպացի Պաշտօնեաներու Հսկայական Կաշառք Ստանալը Ազրպէյճանի Կողմէ

March 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Առաջին անգամը չէ, որ բռնատիրական Ազրպէյճան յայտնուած է ուշադրութեան կեդրոնը` արեւմտեան պաշտօնեաներուն միլիառաւոր տոլարներ կաշառք տալու առումով, որպէսզի անտեսուին իր սեփական բնակչութեան եւ արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումները:

«Խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը ստեղծուած է յատկապէս եւրոպական կառոյցներու մէջ Ազրպէյճանի կաշառակեր գործելակերպը նկարագրելու համար: Ցաւօք, նոյնքան կաշառուած եւրոպացի որոշ պաշտօնեաներ հաճոյքով գրպանած են Ազրպէյճանի կողմէ իրենց առաջարկուած միլիոնաւոր տոլարներ:

«Ազդեցութեան եւ շահարկումի այս բարդ ցանցը բացայայտուած է գերմանական ARD հեռատեսիլային ընկերութեան «Am Abgrund» («Անդունդի մէջ») բեկումնային ժապաւէնով: Թէեւ ժապաւէնը գեղարուեստական է, սակայն անիկա հիմնուած է շարք մը հետաքննութիւններու վրայ, որոնք կը կոչուին «Ազրպէյճանական  լուացքատուն»` բացայայտելով, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը կաշառէ Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական գործիչները: 2017-ին հրապարակուած հետաքննութիւնները պարզած են, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի կառավարութիւնը շարժիչ ուժ եղած է 2,9 միլիառ տոլարի դրամաշնորհային գաղտնի ֆոնտի ետին. ֆոնտ մը, որ կրնայ օգնել անոր` կաշառելու եւրոպացի քաղաքական գործիչները, գրած է Լամիեա Ատըլըկիզի globalvoices.org կայքին վրայ:

«Պաքու խելամտօրէն նաւարկած է Եւրոպայի իշխանութեան միջանցքներով` գրաւելով քաղաքական գործիչները շքեղ ճամբորդութիւններու եւ դրամական ուղղակի վճարումներու համադրութեամբ: Նպատա՞կը. ապահովել, որ այդ ազդեցիկ ձայները բարձր խօսին Ազրպէյճանի շահերուն մասին, մասնաւորապէս` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) եւ նոյնիսկ Գերմանիոյ Պունտեսթակի դահլիճներուն մէջ», գրած է Ատըլըկիզի:

Հետաքննող լրագրող Տանիէլ Հերրիչի նկարահանած ժապաւէնին անդրանիկ դիտումը կայացած է 20 փետրուարին, Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին: Կը նախատեսուի ցուցադրել հետեւութիւն ընող վաւերագրական ժապաւէն մը, որ աւելի եւս կը բացայայտէ Ազրպէյճանի լոպիիստական կաշառակեր ջանքերը Եւրոպայի մէջ:

Ժապաւէնը կը բացայայտէ ե՛ւ կաշառք տուող ազրպէյճանցիները ե՛ւ կաշառք վերցնող եւրոպացի պաշտօնեաները: «Այս պատմութեան կեդրոնը կը գտնուի ուժանիւթային աղբիւրներով հարուստ Ազրպէյճանը, որ կը քննադատուի իր կառավարութեան բռնապետական գործելակերպին համար, ինչպէս նաեւ` եւրոպական երկիրները, որոնք յայտնի են իբրեւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու առաջամարտիկներ, որոնք երկար ժամանակ` խորհրդային դարաշրջանէն ի վեր, դաստիարակ եղած են զարգացող երկիրներու համար: Բայց տեղի կ՛ունենայ անսպասելին. այդ նուիրական արժէքները տարածելու փոխարէն, այնպէս կ՛երեւի, թէ անոնք եւս խոցելի դարձած են կաշառակերութեան նկատմամբ…»:

Ժապաւէնը կը սկսի իր ներքին հակառակորդները լռեցնելու նպատակով Ազրպէյճանի ի գործ դրած ջանքերու ցուցադրումով. հակառակորդներ, որոնք բանտ կը նետուին վարչակարգին կողմէ տեղի ունեցող մարդկային իրաւունքներու խախտումները քաջաբար բացայայտելնուն համար: Անիկա կը բովանդակէ տրամաթիք տեսարաններ, որոնք կը կրկնօրինակեն 2012-ին յայտնի լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի ննջասենեակը թաքուն տեղադրուած  տեսախցիկներու նկարները` բացայայտելով անոր անձնական կեանքը: Իսմայիլովան շարք մը հետաքննութիւններ իրականացուցած է Ալիեւներու իշխող ընտանիքին կապուած կառավարութեան կաշառակերութեան մասին: Սպրդած նկարները նպատակ ունէին արատաւորել  լրագրողին հեղինակութիւնը:  Հետագային Իսմայիլովա կեղծ մեղադրանքներով բանտարկուեցաւ եւ երկու տարի անցուց ճաղերու ետին:

Ժապաւէնը կը պատմէ «Գերմանիոյ Պունտեսթաքի մտացածին անդամի` Կըրտ Մայնըքիի մասին, որ նաեւ կը ծառայէ Եւրոպական խորհուրդին մէջ: Մայնըքի կը բացայայտէ, որ 1949-ին ստեղծուած այդ հաստատութիւնը, որ ստեղծուած է ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման համար, վտանգուած է, եւ որ գերմանացի պատգամաւորները ենթարկուած են ազրպէյճանական վարչակարգի ազդեցութեան` Եւրոպական խորհուրդին մէջ իրենց ձայները փոխանակելով դրամի, ոսկիի, մարմնավաճառներու եւ այլ կաշառքներով` դաւաճանելով ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն»:

Մայնըքիի` Ազրպէյճանը դատապարտող բանաձեւի ընդունման փորձը այդ երկրի բազմաթիւ քաղաքական բանտարկեալներու համար, ձախողած է ուրիշ անդամներու կողմէ` Ազրպէյճանէն կաշառք ստանալէն ետք:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած քննարկման ժամանակ բեմադրիչ Հերրիչ ըսաւ. «Հարցը դուրս եկած է Ազրպէյճանի կառավարութեան շրջանակներէն եւ ներգրաւուած արեւմտեան քաղաքական գործիչներուն եւ հասարակութիւններուն` Ազրպէյճանի բնական աղբիւրներով սնուցուող կաշառակերութեան փորձարկումին մէջ: Ցուցադրութեան հիւրերու շարքին էր նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Շուապ, որ վերջերս յայտնի դարձած է Ազրպէյճանի կառավարութեան հասցէին իր բուռն քննադատութեամբ: Նոյն Շուապը վիճարկեց ԵԽԽՎ-ի ազրպէյճանական պատուիրակութեան հաւատարմագիրները վեհաժողովի բացման ձմեռնային նստաշրջանի ժամանակ, յունուար 2024-ին»:

Շուապ Global Voices-ին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մասին ճշմարտութիւնը ըսելու իր փորձը «կը համապատասխանէ Եւրոպայի խորհուրդի առաքելութեան: Եթէ այս կազմակերպութեան անդամը չի յարգեր անոր սկզբունքները, ապա անհրաժեշտ է  քայլերու ձեռնարկել»: Ուքրանական պատերազմի պատճառով ռուսական կազի դէմ արգելք դնելէ ետք Եւրոպան սկսաւ կազ գնել Ազրպէյճանէն, որ մասամբ կը ներկրուի Ռուսիայէն: Այսուամենայնիւ, «Կարեւոր է, որ մենք չանտեսենք մարդկային իրաւունքներու խախտումները` յանուն առեւտրական յարաբերութիւններու», ըսաւ Շուապ:

ԵԽԽՎ-ի մերժումէն ետք` վաւերացնելու Ազրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները յունուար 2024-ին, «Ժամանակը (ժապաւէնի մեկնարկման համար) ասկէ աւելի յարմար չէր կրնար ըլլալ», կ՛ըսէ «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» ուղեղային կեդրոնի նախագահ եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան խիստ քննադատ Ճերըլտ Նուաս: Անոր ուղեղային կեդրոնն է, որ 2012-ին ստեղծեց «խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը եւ առաջինն էր, որ փաստեց Ազրպէյճանի ազդեցութիւնը Եւրոպական խորհուրդին վրայ»:

Նուաս նախազգուշացուցած է Ազրպէյճանը` հաւանական վտարման մասին Եւրոպական խորհուրդէն, եթէ ան ազատ չարձակէ իր քաղաքական բանտարկեալները մինչեւ ապրիլ 2024` Եւրոպական խորհուրդի 75-ամեակը:

Աւելի քան 200 քաղաքական բանտարկեալ կայ Ազրպէյճանի մէջ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Գաթայի Պատմութիւնը. Բացայայտումներ Սիրուած Քաղցրաւենինքի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.