Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շատ լայն բացաւ Հայաստանէն պահանջներուն կարկինը եւ դարձեալ սպառնական ոճով խօսեցաւ` խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող իր պայմանները վերստին շեշտելով:
Ալիեւի պահանջներուն գլխաւորը կը վերաբերի, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին` նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ տեղ գտած «անխոչընդոտ տեղաշարժի ապահովում Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ» ձեւակերպումը վերյիշեցնելով, թէ հայկական կողմը պարտաւոր է նման միջանցք տրամադրելու Օրտուպատի եւ Զանգելանի միջեւ: Միջանցքէն անցնող բոլոր ինքնաշարժները եւ բեռնատարները, ըստ Ազրպէյճանի նախագահին, պէտք չէ զննուին հայկական մաքսային պաշտօնեաներուն կողմէ, իսկ միջանցքին հսկողութիւնը պէտք է վստահուի ռուսական ուժերուն: Հայկական կողմը նման բան բացառած է եւ կը պնդէ, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու վերաբացման ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ միջանցքի հասկացողութեան վերաբերեալ ոչ մէկ կէտ գոյութիւն ունի, եւ թէ` Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապին հսկողութիւնը եւ մաքսային վարչարարական գործողութիւնները պիտի կատարուին հայկական համապատասխան կառոյցներուն կողմէ, որոնց ռուսական ուժերուն հետ փոխանակումը բացառուած է: Մինչդեռ Ալիեւ անբաւարար կը համարէ հայկական երաշխիքները եւ կը պնդէ, որ նման միջանցքի ստեղծման պարագային, հսկողութիւնը պէտք է կատարեն ռուսական ուժերը, որոնց այս պարտականութիւնը ամրագրուած է նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ:
Սակայն հարցը կը վերաբերի նոյնինքն եռակողմ յայտարարութեան վաւերականութեան` նկատի ունենալով, որ նոյն այդ յայտարարութեամբ ամրագրուած Լաչինի միջանցքը ալ գոյութիւն չունի, իսկ արցախահայութեան ապահովութեան երաշխաւորման կապուած` ռուսական ուժերուն գործունէութիւնը ոչ եւս է, որովհետեւ արցախահայութիւնը բռնագաղթուեցաւ իր հայրենի բնօրրանէն: Ուրեմն տրամաբանութիւնը այն է, որ նոյն յայտարարութեան մէկ կէտէն շեղմամբ, կարելի չէ այլ կէտի մը վրայ շեշտել եւ անոր գործադրութիւնը պահանջել, որովհետեւ ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերուն գործադրութեամբ է, որ յայտարարութիւնը կը պահէ իր վաւերականութիւնը:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարակարծութիւններու երկրորդ կէտը կը վերաբերի խաղաղութեան համաձայնագրին առնչուած միջազգային երաշխաւորութեան մը, որ ազրպէյճանական կողմը կտրականապէս կը մերժէ: Ալիեւ վերահաստատեց, որ Պաքուի համար անընդունելի է միջազգային երաշխաւորութիւններու միջոցով խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը, մինչդեռ Երեւանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ամբողջ հոլովոյթը պէտք է ամրագրուի միջազգային երաշխաւորներու կողմէ: Հոս պէտք է նշել Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն խոր վստահութիւնը, որուն դիմաց Ազրպէյճան ներկայիս ամբողջութեամբ կը յենի Ռուսիոյ եւ կը մերժէ ամերիկեան- եւրոպական ճակատին միջնորդական ճիգերն ու երաշխիքները: Աւելի՛ն. Պաքու Եւրոպական Միութեան առանցքային ուժերէն Ֆրանսան կը մեղադրէ Հարաւային Կովկասը ապակայունացնելու եւ Հայաստանը զինելու մեղադրանքներով: Ալիեւ այս հարցին կապուած ռազմաշունչ յայտարարութիւն մըն ալ կատարելով` շեշտեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կա՛մ Ազրպէյճանի պայմաններով կը ստորագրուի, կա՛մ չի ստորագրուիր:
Խոր տարակարծութիւններու այլ խնդիր մըն է ազրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն հեռացնելու Երեւանի իշխանութիւններուն պահանջը: Տեղին է նշել, որ Երեւան առաջարկած է նոյն հեռաւորութեան վրայ դիրքաւորել թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ազրպէյճանական ուժերը` մինչեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն աւարտը: Պաքու մերժելով Երեւանի այս առաջարկը` կը պնդէ, որ ազրպէյճանական ուժերը պիտի չքաշուին, որովհետեւ անոնց այդ տարածքներուն վրայ ներկայութիւնը Ազրպէյճանի «սահմաններուն» հսկողութեան կը կապուի: Այլ խօսքով, Պաքուի իշխանութիւններուն տրամաբանութեամբ, հայկական ինքնիշխան տարածքներուն մէջ կը գտնուին ազրպէյճանական սահմանները, հետեւաբար այդ տարածքները Ազրպէյճանի կը պատկանին:
Երեւան-Պաքու տարակարծութիւններու չորրորդ կէտը կ՛առնչուի կղզեակներու թղթածրարին: Ազրպէյճան այս պարագային ալ պահանջներ ունի եւ անոնց գործադրութիւնը կը կապէ խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրման կամ ձախողութեան: Խօսքը կը վերաբերի Բաղանիս Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խէյրիմլի եւ Գըզըլ Հաճիլի գիւղերուն, որոնք նախապէս ազրպէյճանական եղած են: Այս գիւղերը կղզեակներ չեն, ուր 1990 թուականներէն սկսեալ հայկական ուժերու դիրքեր կը գտնուին: Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ արցախեան ազատամարտի տարիներուն մինչ ազրպէյճանական կողմը գրաւած է հայկական կղզեակ Արծուաշէնը, հայկական ուժերն ալ գրաւած են այս չորս գիւղերը` անոնց ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութեան համար: Պէտք է նշել, որ Բաղանիս Այրումի, Ներքին Ոսկեպարի եւ Խէյրիմլիի տարածքներով կ՛անցնի նախկին խորհրդային ճանապարհը, որ Նոյեմբերեանը Իջեւանին կը կապէ:
Ազրպէյճանական միւս չորս գիւղերը` Սոֆուլու, Բարխուդարլու, Վերին Ոսկեպար եւ Քեարքի, կղզեակներ են: Քեարքին այսօրուան Տիգրանաշէնն է: Այս կղզեակները խրուած են հայկական տարածքներու մէջ, եւ պէտք է նշել, որ կղզեակներու ձեւաւորմամբ նախկին խորհրդայինները միշտ ուզած են հանրապետութիւնները իրարմէ կախեալ պահել: Ասիկա միտումնաւոր քաղաքականութիւն մըն է, որ կը դժուարացնէր հանրապետութիւններու անջատումը` Խորհրդային Միութենէն:
Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, այս խնդիրներուն լուծումը կ՛ըլլայ կղզեակները կղզեակներու, իսկ գրաւուած գիւղերը գրաւուած գիւղերու փոխանակմամբ: Ազրպէյճան նման փոխանակում կը մերժէ եւ կը պահանջէ ազրպէյճանական գրաւուած չորս գիւղերու եւ չորս կղզեակներու անյապաղ յանձնումը` ամբողջութեամբ մոռացութեան տալով, որ ազրպէյճանական գրաւման ենթակայ են հայկական տարածքներ եւ Արծուաշէն կղզեակը: