ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 23 մարտ 2024-ին, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴի տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պատարագիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Յընթացս Ս. պատարագին, պիտի կազմուի մանուկներու թափօր, որուն աւարտին Մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ յատկապէս երիտասարդ ընտանիքներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Ապա, աւանդութեան համաձայն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, վեհափառ հայրապետը վեհարանի մուտքին պիտի ընդունի մանուկները եւ իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ անոնց:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ԴՌՆԲԱՑԷՔի հոգեպարար արարողութիւնը`
նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ի մասնաւորի երիտասարդ ընտանիքներուն, ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մանուկներու թափօրին, ինչպէս նաեւ յետմիջօրէին կայանալիք դռնբացէքի արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻՆ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 24 մարտ 2024-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին` Ծաղկազարդի տօնին:
Այս առիթով, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը փոխանցէ եւ մանուկներու թափօրին նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:30-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ`
«Ս. Գրիգոր Նարեկացիի խրատներու հատորը»
Դասախօս`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 25 մարտ 2024-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահի կամ հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-164767 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի պաշտօնեաներու`
- Խոհարարի
- Պահակի
- Տնտեսի
Կեցութիւնը` ապահովուած, հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 70-719598 թիւին:
