ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Կուլա Թադէոսեան
Տիկին Վեսնա Թադէոսեան
Տիար Աշլի Պեննիքթոն
կը գուժեն իրենց ամուսնոյն եւ հօր`
ԷՏՏԻ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆԻ
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 20 մարտ 2024-ին, Թորոնթոյի մէջ:
—————————————
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 23 մարտ 2024-ին, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴի տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պատարագիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Յընթացս Ս. պատարագին, պիտի կազմուի մանուկներու թափօր, որուն աւարտին Մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ յատկապէս երիտասարդ ընտանիքներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Ապա, աւանդութեան համաձայն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, վեհափառ հայրապետը վեհարանի մուտքին պիտի ընդունի մանուկները եւ իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ անոնց:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ԴՌՆԲԱՑԷՔի հոգեպարար արարողութիւնը`
նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ի մասնաւորի երիտասարդ ընտանիքներուն, ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ մանուկներու թափօրին, ինչպէս նաեւ յետմիջօրէին կայանալիք դռնբացէքի արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ԿԱԼԱ-ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
31 ՄԱՅԻՍ 2024