Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ. «Ազրպէյճանին Ու Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղեմ` Օգտուելու Յարատեւ Խաղաղութիւն Հաստատելու Կարելիութենէն»

March 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեմ` օգտուելու յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութենէն: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը` ամփոփելով Պաքու իր այցելութիւնը:

«Ուրախ էի Պաքուի մէջ հանդիպելու Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Ազրպէյճանը ՕԹԱՆ-ի վաղեմի գործընկերն է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են աւելի լայն անվտանգութեան համար. Ազրպէյճանին ու Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեմ օգտուելու յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութենէն», գրած է ան:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Այսօր մենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու աշխուժ փուլի մէջ ենք»:

Ընդգծելով, որ մինչեւ օրս Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու փոխանակման 7 փուլ անցած է, Ալիեւ ըսած է, որ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպումը, ինչպէս նաեւ սահմաններու սահմանազատման հարցով փոխվարչապետներու հանդիպումը կը վկայեն, որ կարգաւորման լաւ կարելիութիւն կայ:

Ազրպէյճանի նախագահը վերահաստատած է իր նախապէս կատարած յայտարարութիւնը` շեշտելով. «Այժմ աւելի քան երբեւէ մօտ ենք խաղաղութեան»:

«Բռնագրաւումի ընթացքին, ցաւօք, բանակցութիւնները ոչ մէկ արդիւնք տուին: Փաստօրէն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը 28 տարի ոչ մէկ արդիւնք տուաւ: Սակայն հիմա, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման հետեւանքով, կը կարծեմ եւ յոյսով եմ, որ մենք շատ մօտ ենք բեկումնային փուլին: Ասիկա Կովկասի մէջ շատ լուրջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն պիտի ըլլայ», ըսած է Ալիեւ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին յայտարարած է, որ խաղաղութիւնը չափազանց կարեւոր է շրջանի մարդոց եւ երկիրներուն համար, սակայն անիկա կարեւոր է նաեւ սեւծովեան շրջանի եւ հիւսիսատլանտեան անվտանգութեան համար` շեշտելով, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ, այլ նաեւ անվտանգային աւելի լայն ծիրի մէջ:

 

 

Նախորդը

Լուի Պոնոն Պայրամովի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Կարգաւորումը

Յաջորդը

Գառնիկ Դանիէլեան. «Փաշինեան Այգեպարցիներուն Յայտնած Է, Որ 4 Գիւղերը Պէտք Է Անյապաղ Յանձնել, Այլապէս` Պատերազմ Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.