Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Այժմ Առաւել Քան Երբեւէ Մօտ Ենք Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան»

March 15, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարծիքով` Պաքուն այժմ առաւել քան երբեւէ մօտ է Երեւանի հետ խաղաղութեան: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Այժմ մենք առաւել քան երբեւէ մօտ ենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան», ըսած է ան` խօսք արտասանելով «Վերականգնել մասնատուած աշխարհը» խորագիրով Պաքուի 11-րդ համաշխարհային համախմբումի բացման արարողութեան ընթացքին:

«Հարաւային Կովկասի անկախութեան պատմութեան մէջ երբեք խաղաղութիւնը այնքան մօտ չէ եղած, որքան այսօր: Եւ ասիկա ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքն է», ըսած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

«Ցաւօք, պէտք է նշեմ Ղարաբաղի վերաբերեալ երկրի մը դիրքորոշումը, որ բացարձակ հակասութեան մէջ է համաշխարհային ընտանիքին հետ: Խօսքը Ֆրանսայի մասին է», ըսած է ան:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, համախմբումին մասնակցող Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք իր կարգին ընդգծած է. «Ազրպէյճանը այժմ պատմական կարելիութիւն ունի վերջ դնելու Հայաստանի հետ երկարամեայ տագնապին: Կարեւոր զարգացում պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնիլ մինչեւ «ՔՕՓ29»-ը: Մենք ատոր կը հաւատանք»:

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Նիզամի Կիանճաւիի անուան կեդրոնի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն կ՛աջակցի շրջանային խաղաղութեան օրակարգին:

«Խաղաղութեան օրակարգի հիմք հանդիսացող հիմնարար սկզբունքները եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը նոյնպէս պատրաստուած եւ ներկայացուցած են ինքնին Ազրպէյճանի կողմէ, եւ մեր երկիրը աշխուժօրէն կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգին», Ալիեւի խօսքերը կը մէջբերէ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Անդրադարձած Են Հայ-Ազրպէյճանական Հոլովոյթին

Յաջորդը

Եըլտըրըմ. «Զանգեզուրի Միջանցքը Պէտք Է Բաց Ըլլայ, Զինանշանի Վրայէն Աղրը Տաղը (Արարատը) Պէտք Է Վերցուի»

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.