Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան Աւագանիի նախագահ, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի մէջ «Վերականգնել ճեղքուած աշխարհը» նշանաբանով 11-րդ համաշխարհային խորհրդաժողովի ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է.
«Թող 21-րդ դարը դառնայ թուրքերու դար: Զանգեզուրի միջանցքը նոյնպէս պէտք է բաց ըլլայ: Հայաստանը նման կարելիութիւններ ունէր Ղարաբաղի հարցի լուծումէն ետք: Պէտք է բանալ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանները, բանալ Զանգեզուրի միջանցքը: Պէտք է փոփոխութիւններ կատարել Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ: Հայաստանի պետական զինանշանին վրայ պատկերուած են մեր հողերն ու Աղրը Տաղը (Արարատ լեռը, «Ա.»): Ատիկա պէտք է վերցուի»:
____


