Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Մոնրէալի Մէջ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակի Նշում
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Շաքէ Կէօնճեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային եւ Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 9 մարտ 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ջահակիրներ» յոբելենական հանդիսութիւնը` նուիրուած Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Համազգայինի նորաստեղծ դրօշի բեմ բարձրացումով` ձեռամբ Համազգայինի հիմնադիրներէն Սարգիս Մալխասեանի շառաւիղէն Ատոմ Մալխասեանի, դստեր` Արաքսի եւ թոռան` Նառայի, որմէ ետք հնչեցին Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Արցախի հերոս նահատակներուն, Համազգայինի հիմնադիրներուն եւ 95 տարիներու ընթացքին համազգայնական այն անդամներուն, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին երկար տարիներ մաս կազմած Մարի Յովհաննէսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Շաքէ Կէօնճեանին` օրուան նախագահութիւնը ստանձնելուն համար, եւ որուն տրուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը, ապա ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 95 տարի առաջ Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականներու` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ ուրիշներու համախմբումով կրթական ու մշակութային այս միութեան հիմնադրութեան, եւ ըսաւ. «Այսօր այս սրահին մէջ մեզ համախմբողը նո՛յն ոգին է, նո՛յն հաւատքն ու սէրը` հայ գրականութեան եւ մշակոյթին հանդէպ, որուն սերմերը ցանած էին մեր հիմնադիրները: Այդ սերմերը 95 տարիներու ընթացքին խորապէս արմատանալով` ոչ միայն ծլած, ծաղկած, ճիւղաւորուած ու ծառացած են, այլեւ անոնց պտուղները, իրենց կարգին, տուած են նոր սերմեր, որոնք պիտի շարունակեն արգասաւորել ու իմաստաւորել յաջորդական սերունդներու կեանքերը»:
«Անի» պարախումբին կրտսերները, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լեւոն Արապեանի, խանդավառեցին մթնոլորտը «Էրզրումի շորոր» պարով:
Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան-Փոլատեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Համազգայինին նուիրուած տօնակատարութիւնը կենդանի ապացոյցն է տասնամեակներու վրայ երկարող միութեան նուաճած յաջողութիւններուն, որոնք հպարտութիւն կ՛առթեն քանատահայութեան: Ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան եւ աւելցուց, որ իրենց երազն է շրջաններուն մէջ ունենալ գեղարուեստի կեդրոններ, ուր պարը, երգը, երաժշտութիւնն ու թատերական արուեստը ուսուցանուին նոյն յարկին տակ, ուր` գրական երեկոները, կերպարուեստի ցուցահանդէսներն ու փոքրերու պատմութեան ժամերը կազմակերպուին միեւնոյն յարկին տակ: Անդրադառնալով միութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն` Թամար Շահինեան-Փոլատեան ըսաւ. «Մեզի համար անհրաժեշտութիւն է ունենալ արհեստավարժ եւ մասնագէտ հայ արուեստագէտներ ու գեղարուեստական ղեկավարներ, որոնք, իրենց կարգին, կը լծուին տեղական ուժերը վերապատրաստելու գործին ու կը հայթայթեն նոր մասնագէտներ»: Ան իր խօսքը փակեց` ըսելով. «Այսօրուան «ջահակիրները» մե՛նք ենք, սակայն յաջորդական սերունդներու պարտականութիւնն է ոչ միայն շարունակել վառ պահել 95 տարիներ առաջ հիմնադիրներէն մեզի փոխանցուած ջահը, այլ զայն տարածել ու ա՛լ աւելի ուժգին բոցավառել` լուսաւորելու համար իւրաքանչիւր հայ օճախ ու յատկապէս իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի միտքն ու հոգին»:
Ասմունքով հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի շրջանաւարտ Սէրլի Ահարոնեանը, որ արտասանեց «Կերտեցին քեզ իմ պապերս» կտորը` համադրութեամբ Անահիտ Թորոսեան-Պալեանի` Մուշեղ Իշխանի «Վաղուան տունը» բանաստեղծութենէն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Սանահին» մասնաճիւղի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը` պատրաստութեամբ Թամար Շահինեանի եւ Րաֆֆի Թահմիզեանի:
«Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» խմբերգով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լաուրա Պէրպէրեանի, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Համազգայինը 95 տարեկան է» տեսերիզը` պատրաստուած Կեդրոնական վարչութեան կողմէ: «Քոչարի» պարով կրկին ելոյթ ունեցան «Անի» պարախումբին կրտսերները:
Տեղի ունեցաւ պարգեւատրում «Սանահին» մասնաճիւղի անդամներու` Ռաքէլ Տեմիրճեանի, Տիրուկ Մանճիկեանի եւ Ռիթա Շամլեանի, իսկ յետմահու` Յակոբ Մանճիկեանի, Լեւոն Եաղճեանի եւ Արա Ալեքսանեանի, Համազգայինի ծիրէն ներս իրենց երկարամեայ նուիրեալ աշխատանքին ի պատիւ` ձեռամբ Շրջանային վարչութեան անդամներ Թամար Շահինեանի, Անիթա Թոպիի եւ Անահիտ Պալեանի:
Յաջորդ բաժինով Կեդրոնական վարչութիւնը յետմահու յուշանուէրով պարգեւատրեց վաստակաշատ համազգայնական Յակոբ Եափուճեանը եւ շքանշաններ պարգեւեց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ իրենց անսակարկ նուիրումին համար համազգայնականներ Վիգէն Թիւֆենքճեանը, Յարութիւն Պէրպէրեանը, Ֆիմի Տէր Յակոբեանը եւ օրուան նախագահ Շաքէ Կէօնճեանը` ձեռամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, Քանատայի ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեանի եւ ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանի:
Օրուան բանախօս Զաքար Քէշիշեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Ի՞նչ գնահատական տալ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներէն այն ընտիրներուն, որոնք Ցեղասպանութենէն 13 տարիներ ետք, իրենց ու իրենց ընկերներուն կերտած նոյն հանրապետութեան կորուստէն 7 տարիներ ետք, երբ տակաւին սփիւռքը չէր իսկ կազմաւորուած, այնուհետեւ պատմական դարձող օր մը, հայրենի կենարար հող ու ջուրէն հեռու, Եգիպտոսի մէջ հաւաքուեցան, մտայղացան ու ստեղծեցին հայ կրթական ու հրատարակչական այս միութիւնը, որ շուտով լայն գործունէութիւն պիտի ծաւալէր` իբրեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, որ հայրենիքէն հեռու, իւրաքանչիւր հայու մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողանար հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն առնչուած պահել»: Ապա անդրադարձաւ սփիւռքի եւ Հայաստանի դիմագրաւած տագնապալի օրերուն, մանաւանդ` Արցախի հայաթափման դժնդակ պայմաններուն Համազգայինի ծաւալած գործունէութեան ու մշակած ծրագիրներուն, յիշելով որ Համազգայինը ծնունդ առած էր նոյնպէս տաժանելի օրերու, բայց շնորհիւ իր նուիրեալներուն` կրցած էր գոյատեւել ու արարել մինչ օրս: Ան նաեւ խօսեցաւ կրթական ու մշակութային մարզերուն մէջ մարդուժի եւ համապատասխան մասնագէտներու ներգրաւման ու պատրաստութեան հրամայականին մասին. «Այսօր մեր սեւեռակէտը կը շարունակէ մնալ արցախահայութեան դժնի ճակատագիրը. մեր քոյր միութիւններուն հետ այսօր լծուած ենք արցախցիներու իրենց իսկ հայրենիքին մէջ տարագիր, ցիրուցան ու իրաւազուրկ հայրենակիցներուն այդ դժուարին հանգրուանին թեւ ու թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին: Հետեւաբար Համազգայինի Հայաստանի ու Արցախի զոյգ գրասենեակները օրն ի բուն կ՛աշխատին` հոգեբարոյական աջակցութիւն ցոյց տալու Արցախի մանուկներուն»: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան սրտի անհուն սիրով ու գորովով կ՛ողջունեմ` Քանատայի Շրջանային վարչութիւնն ու մասնաճիւղերը, գեղարուեստի խումբերու ղեկավարներն ու անդամները, զանազան յանձանախումբերու մէջ ներգրաւուած համազգայնականները, որոնք հայ մշակոյթի ջահը արծարծ պահելով` բազմածիր ու բազմաբովանդակ ժիր աշխատանքով Քանատայի շրջանը առողջ ու օրինակելի կը պահեն»:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Անի» պարախումբի «Եարխուշտա» պարով:
Ֆրանսա
Միսաք Մանուշեանին Եւ Շարլ Ազնաւուրին Նուիրուած Դրոշմաթուղթերու Հրապարակման Արարողութիւնը
27 փետրուարին Ֆրանսայի թղթատարութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ ոգեկոչուեցաւ հայազգի երկու ականաւոր դէմքերու` Դիմադրութեան շարժումի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը` անոնց նուիրուած բացառիկ դրոշմաթուղթերու հրապարակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Արարողութեան ներկայ էին` խորհրդարանականներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ելոյթներով հանդէս եկան` ծերակոյտի փոխնախագահ Փիեր Ուզուլիաս, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ վարչութեան տնօրէն Պրիս Ռոքֆէօյ, Ֆրանսական թղթատարի մասնաճիւղերէն մէկը հանդիսացող «Ֆիլափոսթ ակումբ»-ի եւրոպական եւ միջազգային հարցերու տնօրէն Ժան-Փոլ Ֆորսըվիլ, Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռնուհին` Քաթիա Կիրակոսեան եւ Շարլ Ազնաւուրի որդին` Միշա Ազնաւուր:
Ֆրանսայի թղթատարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան սերտ համագործակցութեամբ, Միսաք Մանուշեանին նուիրուած չորս դրոշմաթուղթերու հաւաքածոն հրապարակուած է ութ հազար օրինակով: Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Ազնաւուրին նուիրուած դրոշմաթուղթի պատկերին ներկայացումը: Պատկերին հեղինակն է վիեթնամցի նկարիչ Հոմ Նկիւյեն, իսկ անոր ստեղծագործութեան հիմքը կը կազմէ Ռոժէ Գասպարեանի առած Շարլ Ազնաւուրի լուսանկարը: Դրոշմաթուղթի պաշտօնական հրապարակումը` շուրջ վեց հարիւր հազար օրինակ, նախատեսուած է մայիսի վերջաւորութեան` Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով:
Յունաստան
Սարգիս Աղապատեանի Գիրքերու Ներկայացումը
19 փետրուարին, «Գիրք նուիրելու օր»-ուան եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 155-ամեակին առիթով, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր տարեշրջանի առաջին ելոյթը` Սարգիս Աղապատեանի գիրքերու ներկայացումը:
Բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետ, Հ.Կ.Խաչի ««ՃԵնազեան» միջնակարգ ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն եւ «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային նախակրթարանի տնօրէն Բաբգէն Գասապեանի կորուստի յիշատակը յարգելու համար մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:
Ժագ Տամատեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց երկու գիրքերը: Առաջինը` «Կեանքի մը յուշեր»-ը, որ չի սահմանափակուիր հեղինակի կենսագրական դրուագներով, այլ կը բովանդակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ` թէ՛ կրետահայ կեանքէն, թէ՛ Հայկական հարցին շուրջ:
Երկրորդը` յունարէնի թարգմանուած «Սիլիհտարի պարտէզները», որուն հեղինակը` Զապէլ Եսայեան, միակ կինն է, որ ներառուած է ապրիլ 24-ի Պոլսոյ հայ մտաւորականներու ցանկին մէջ: Ան փրկուեցաւ Ցեղասպանութենէն, բայց զոհ գնաց սթալինեան մաքրագործումներուն:
Եզրակացնելով իր խօսքը` Տամատեան տեղեկացուց, որ 2018-ին, «Կիներու միջազգային օր»-ուան առիթով, Փարիզի մէջ ծառուղի մը անուանակոչուած է անուանի հայ կին գրող, մարդու իրաւունքներու հետապնդող Զապէլ Եսայեանի անունով: 2021-ին, իր մահուանտարեդարձին առիթով, 4 փետրուարին, Երեւանի մէջ իր անունը կրող փողոցին պատի մը վրայ յայտնուեցաւ իր դիմանկարը եւ յաջորդ տարին Պռօշեան գիւղին մէջ տեղադրուեցաւ իր արձանը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, որ խօսեցաւ «Սիլիհտարի պարտէզները» գիրքին մասին` ընդգծելով յատուկ արժէքները, որոնք կ՛արտացոլացնեն այս ստեղծագործութիւնը, կապուած նաեւ հայ կնոջ դիրքին հասարակական կեանքին մէջ եւ իր պայքարին` Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակին:
Յունահայ բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ մանրանկարիչ Եորղոս Խաւուցաս ներկայացուց իր լայնածաւալ ուսումնասիրութիւնը Զապէլ Եսայեանի գիրքին մասին, որուն էջերուն ընդմէջէն կ՛արտացոլան հետաքրքրական դրուագներ պոլսահայ կեանքէն, ուր ակնյայտ են տարբերութիւնները վերնախաւի եւ ցած դասակարգերու պատկանող անձերուն միջեւ:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ հեղինակ եւ թարգմանիչ Սարգիս Աղապատեանը, որ անդրադարձաւ գիրքին եւ Եսայեանի կենսագրական գիծերուն, նաեւ` գործունէութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձան Պիտի Կանգնի Փիրէայի Մէջ
ՀՅԴ Քոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի ջանքերով եւ Հայ դատի յանձնախումբին օժանդակութեամբ, Փիրէայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց յատուկ յուշակոթող մը կանգնեցնել Փիրէայի կեդրոնին մէջ`յարգելու համար յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան անհամար զոհերուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով Փիրէայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան:
26 փետրուարի երեկոյեան Փիրէայի քաղաքապետական շէնքին մէջ Քաղաքապետական խորհուրդը գումարեց իր նիստը, որուն օրակարգին շարքին ներառուած էր նաեւ յուշակոթողի հարցը: Նշենք, որ անցնող ժամանակաշրջանին, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցան հանդիպումներ եւ առաջարկի ներկայացումը, իսկ հայասէր քաղաքապետ Եաննիս Մորալիս ջերմօրէն ընդառաջեց յուշարձանի զետեղման` քաղաքի ծանօթ հրապարակներէն մէկուն վրայ:
Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին բոլոր խօսք առնողները իրենց հաւանութիւնը տուին հայութեան առաջարկին, ապա որոշումը կայացաւ միաձայնութեամբ:
Նիստին ներկայ գտնուեցաւ «Վարանդեան» կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որ մօտէն հետեւեցաւ օրակարգի քննութեան, ապա անոր ներկայացուցիչը խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ եւ յոյն դարաւոր կապերուն, Փիրէայի, Լիփազմայի եւ Քոքինիոյ մէջ հաստատուած ստուար հայութեան ու անոր պատմութեան, ինչպէս նաեւ տասնամեակներուն ընթացքին հայ տարրի ներդրումին` քաղաքի բարգաւաճման: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին եւ խորհուրդին, որոնք ընդառաջելով դիմումին` հաւաքաբար եւ միաձայնութեամբ որոշեցին կարեւոր յուշակոթողի զետեղումը քաղաքի ծանօթ ու բանուկ վայրերէն մէկուն մէջ:
Նշենք, որ մօտ 20 տարի առաջ, դարձեալ ՀՅԴ կոմիտէի ջանքերով եւ Փիրէայի քաղաքապետարանի իրագործումով, Քոքինիոյ հայաշատ շրջանի հրապարակին վրայ կանգնեցուած էր Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրին, որ դժբախտաբար բաւական տարիներ յետոյ գողցուեցաւ անծանօթներու կողմէ:
Միացեալ Նահանգներ
96 Հազար Տոլարի Կտակ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ
Վերջերս Կրեկըրի եւ Փոլեթ Ռոպըրց ամոլը եւ իրենց բարեկամները` Ճուտիթ եւ Էտ Ֆուլըր, այցելեցին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, որուն 96 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին` յանուն հանգուցեալ Թելմա Կիւլամերեանի (1933-2021), որուն ցանկութիւնն էր ունեցուածքը Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ կտակել, հակառակ անոր որ երկար տարիներ Նիւ Եորքէն հեռու մնացած էր:
Յաւարտ սուրբ պատարագի եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց ի յիշատակ Կիւլամերեան ընտանիքին, որմէ ետք յատուկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ «Փաշալեան» սրահին մէջ:
Երգչուհի Յասմիկ Մէյխանէճեանի հայկական երգերու կատարումէն ետք, Կրեկըրի Ռոպըրց ներկայացուց Թելմա Կիւլամերեանի կենսագրական գիծերը` անդրադառնալով նաեւ իրենց բարեկամութեան: Եկեղեցւոյ ծխականներէն Քրիսթոֆըր Փառնակեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Արմէն Մորեան խօսեցան մայր եկեղեցւոյ զգացական կարեւորութեան մասին` ամերիկահայութեան իրերայաջորդ սերունդներու կեանքին մէջ, որոնց շարքին էր հանգուցեալ Թելմա Կիւլամերեանը: Յայտագրի աւարտին Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան այցելուներուն յուշանուէրներ յանձնեց ի նշան երախտագիտութեան:
Նոր Զելանտա
Հայաստանի Դեսպան Արեգ Յովհաննէսեանի Այցելութիւնը Օքլենտ
Նոր Զելանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արեգ Յովհաննէսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Օքլենտ, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման առիթով:
2 մարտին դեսպանը ներկայ գտնուեցաւ հայ համայնքի մասնակցութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեանի կողմէ մատուցուած սուրբ պատարագին, որուն աւարտին սրբազանը յատուկ ծէսով օրհնեց Հայաստանի Հանրապետութեան այն դրօշակը, որ պիտի տեղադրուի պատուոյ հիւպատոսութեան դիմաց:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին սրբազան հայրը գնահատեց Նոր Զելանտայի մէջ հիւպատոսութեան բացումը` որպէս պատմական իրադարձութիւն յոյս յայտնելով, որ ան մեծապէս կը նպաստէ երկու երկրներու միջեւ առեւտրատնտեսական, մարդկային եւ մշակութային կապերու ամրապնդման:
Իր կարգին, դեսպան Յովհաննէսեան սոյն իրադարձութիւնը պատմական համարեց, որովհետեւ 32 տարի առաջ նոյն օրը` 2 մարտին Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձած էր ՄԱԿ-ի անդամ, եւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնին առջեւ բարձրացած էր Հայաստանի դրօշը: Դեսպանը շնորհաւորեց նորանշանակ պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Կարապետը` մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ շեշտեց, որ հիւպատոսութիւնը կրնայ ըլլալ նաեւ կարեւոր գործօն` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Կարապետ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ցուցաբերուած վստահութեան համար` հաստատելով, որ ամէն ջանք պիտի գործադրէ զայն արդարացնելու համար:
3 մարտին Օքլենտի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան դիմաց, դեսպան Յովհաննէսեան եւ պատուոյ հիւպատոս Յակոբ Կարապետ բարձրացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը: Արարողութեան յաջորդեց պաշտօնական ընդունելութիւն:
4 մարտին դեսպան Յովհաննէսեան մասնակցեցաւ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին ներկաները ջերմօրէն ողջունեցին Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան հիմնումը ու աջակցութեան եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին Յակոբ Կարապետին: