Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ո՞ր պարագային Ozempic-ը կը դեղագրուի
Semaglutide ասեղը (Ozempic) կ՛օգտագործուի սննդականոնի եւ մարզանքի ծրագիրներու հետ մէկտեղ` վերահսկելու համար արեան շաքարի մակարդակը 2-րդ տիպի շաքարախտ ունեցող չափահասներու մօտ (պարագայ մը, երբ մարմինը բնականոն կերպով չ՛օգտագործեր ինսուլինը եւ, հետեւաբար, չի կրնար վերահսկել արեան մէջ շաքարի քանակը): Օզեմփիքը կ՛օգտագործուի այն պարագային, երբ այլ դեղամիջոցներ բաւականաչափ լաւ չեն վերահսկեր շաքարի մակարդակը: Semaglutide-ի ներարկումը (Ozempic) կ՛օգտագործուի նաեւ ուղեղային կաթուածի, սրտի կաթուածի կամ մահուան վտանգը նուազեցնելու համար այն չափահասներուն մօտ, որոնք 2-րդ տիպի շաքարախտ ունին` սրտի եւ արեան անօթներու հիւանդութիւններու հետ մէկտեղ: Այս մէկը չ՛օգտագործուիր առաջին տիպի շաքարախտի (այն պարագան, երբ մարմինը ինսուլին չ՛արտադրեր եւ, հետեւաբար, չի կրնար վերահսկել արեան մէջ շաքարի քանակը) կամ diabetic ketoacidosis-ի (լուրջ պարագայ, որ կը զարգանայ, երբ արեան շաքարի մակարդակը երկար ժամանակ բարձր կը մնայ) բուժման համար:
Semaglutide-ի ներարկումը ինսուլինի փոխարէն չ՛օգտագործուիր շաքարախտ ունեցող մարդոց բուժման համար (անոնք, որոնք ինսուլինի կարիք ունին): Semaglutide-ի ներարկումը (Wegovy) կ՛օգտագործուի անհատականացուած քիչ ջերմուժով եւ քիչ ճարպերով սննդականոնի եւ մարզանքի ծրագրերու հետ մէկտեղ: Այդպիսով, ան կը նպաստէ հիւանդագին գիրութիւն կամ աւելորդ ծանրութիւն ունեցող չափահասներու մօտ ծանրութեան կորուստի: Վերջիններս կրնան ունենալ նաեւ արեան գերճնշում, շաքարախտ կամ քոլեսթրոլի բարձր մակարդակ: Semaglutide-ի ներարկումը (Wegovy) կ՛օգտագործուի նաեւ անհատականացուած, քիչ ջերմուժով եւ քիչ ճարպով սննդականոնի եւ մարզանքի ծրագրի հետ միասին` օգնելու 12 տարեկանէն բարձր երեխաներուն ծանրութեան կորսնցնելու:
Այս ներարկուող դեղը կը պատկանի դեղատեսակներու այն խումբին, որ կը կոչուի incretin mimetics (ինքրեթինի միմոսականներ): Այս խումբը կը գործէ` օգնելով շարոյրին (pancreas) արձակելու ինսուլինի ճշգրիտ քանակութիւնը, երբ արեան շաքարի մակարդակը բարձր է: Ինսուլինը կ՛օգնէ շաքարը արիւնէն տեղափոխելու մարմնի այլ հիւսուածքներ, ուր կ՛օգտագործուի ներուժ ստանալու համար: Semaglutide-ի ներարկումը ունի նաեւ աշխատելու մէկ այլ մեքանիզմ: Ան ստամոքսի մէջ ուտելիքի շարժումը կը դանդաղեցնէ եւ կրնայ նուազեցնել ախորժակը ու յառաջացնել ծանրութեան կորուստ:
Ժամանակի ընթացքին շաքարախտ ունեցող մարդոց մօտ կրնան զարգանալ լուրջ կամ կեանքի սպառնացող բարդութիւններ, որոնց կարգին` սրտի հիւանդութիւն, ուղեղային կաթուած, երիկամներու հետ կապուած խնդիրներ, ջղային վնաս եւ աչքերու հետ կապուած խնդիրներ: Դեղորայք օգտագործելը, ապրելակերպի փոփոխութիւնները (օրինակ` սննդականոնը, մարզանքը, ծխելը ձգելը) եւ արեան շաքարի կանոնաւոր ստուգումը կրնան օգնել կառավարելու շաքարախտը եւ բարելաւել առողջութիւնը:
Այս բուժումը կրնայ նաեւ նուազեցնել յիշեալ հիւանդութիւններու հետ կապուած այլ բարդութիւններու հնարաւորութիւնները, ինչպիսիք են` երիկամներու անբաւարարութիւնը, ջիղերու վնասուածքը (թմրութիւն, պաղ ոտքեր, սեռական կարողութիւններու նուազում), աչքի խնդիրներ, տեսողութեան կորուստ կամ լինտերու հիւանդութիւն: Բժիշկը եւ այլ բուժաշխատողները ձեզի հետ կրնան որոշել ձեր շաքարախտը կառավարելու լաւագոյն միջոցը:
Ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործել այս դեղը:
Semaglutide-ի ներարկումը` որպէս լուծոյթ (հեղուկ), առկայ է դեղարաններէ ներս: Այդ մէկը նախապէս լեցուած կ՛ըլլայ դեղաչափի «գրիչ»-ի մը մէջ` ենթամաշկային ներարկման համար (մաշկի տակ): Սովորաբար ան կը ներարկուի շաբաթական մէկ անգամ` անկախ կերակուրի չափաբաժիններէն: Զայն պէտք է օգտագործել ամէն շաբաթ նոյն օրը, օրուան որեւէ մէկ ժամուն: Կրնաք փոխել շաբթուան օրը, երբ ձեր օգտագործումէն անցած է 2 կամ աւելի օր (48 կամ աւելի ժամ): Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր դեղագիրի ցուցմունքներուն եւ խնդրեցէք ձեր բժիշկէն կամ դեղագործէն` բացատրել որեւէ հատուած, որ չէք հասկցած: Օգտագործեցէք semaglutide ներարկումը ճիշդ այնպէս, ինչպէս նշուած է: Մի՛ օգտագործէք զայն աւելի, պակաս, կամ աւելի յաճախ, քան` ձեր բժիշկին նշանակածը:
Ձեր բժիշկը հաւանաբար սկսի ներարկումներու պզտիկ չափաբաժինով եւ չորս շաբաթ ետք աւելցնէ զայն: Ան կրնայ կրկին աւելցնել ձեր դեղաչափը եւս չորս շաբաթ ետք: Այդ մէկը կախում ունի դեղատեսակի նկատմամբ ձեր մարմնի արձագանգէն:
Semaglutide-ը կ՛օգնէ վերահսկելու շաքարախտը եւ ծանրութեան կորուստը, բայց այդ մէկը բուժում չէ: Շարունակեցէք օգտագործել semaglutide-ի ներարկումը, նոյնիսկ եթէ լաւ զգաք: Առանց բժիշկի հետ կապ հաստատելու` պէտք չէ դադրիլ դեղը օգտագործելէ:
Զգուշօրէն պէտք է կարդալ արտադրողի օգտագործման հրահանգները: Այս հրահանգները կը նկարագրեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ներարկել semaglutide-ի ներարկման չափաբաժինը:
Միշտ ստուգեցէք լուծոյթը` նախքան զայն ներարկելը: Այդ մէկը պէտք է ըլլայ թափանցիկ, անգոյն եւ առանց մասնիկներու: Մի՛ օգտագործէք զայն, եթէ գունաւոր է, պղտոր, թանձրացած կամ մասնիկներ կ՛ընդգրկէ, կամ երբ «գրիչ»-ի վրայ նշուած պիտանելիութեան ժամկէտը անցած է:
Երբեք չվերօգտագործել ասեղները կամ բաժնեկցիլ զանոնք ուրիշի հետ: Միշտ թափեցէք ասեղը ձեր դեղաչափը առնելէն անմիջապէս ետք:
Semaglutide-ը կարելի է ներարկել թեւի վերին հատուածի, ազդրի կամ ստամոքսի շրջաններուն մէջ: Փոխեցէք ներարկման տեղը իւրաքանչիւր ներարկումի պարագային: Կրնաք Semaglutide-ն ու ինսուլինը ներարկել մարմնի նոյն տարածքին մէջ, բայց պէտք չէ այդ ներարկումները կատարել անմիջապէս քով-քովի:
Եթէ գրիչը պահուած է սառնարանին մէջ, ներարկումէն առաջ սպասեցէք, որ «գրիչ»-ը ջերմանայ մինչեւ սենեակային ջերմաստիճան:
Նախքան semaglutide-ի ներարկում ստանալը:
– Տեղեկացուցէք ձեր բժշկը եւ դեղագործը, եթէ ալերժի ունիք semaglutide-ի (Rybelsus, Ozempic, Wegovy), albiglutide-ի (Tanzeum), dulaglutide-ի (Trulicity), exenatide-ի (Bydureon, Byetta), liraglutide-ի (Saxenda, Victoza), lixisenatide-ի (Adlyxin, Soliqua-ի մէջ), որեւէ այլ դեղատեսակի կամ semaglutide-ի ներարկման որեւէ բաղադրիչի նկատմամբ:
– Յայտնեցէք ձեր բժիշկին եւ դեղագործին, թէ ինչ դեղագիրով եւ առանց դեղագիրի դեղեր, կենսանիւթեր, սննդային յաւելումներ (supplement) եւ բուսական արտադրանքներ կը գործածէք կամ կը նախատեսէք գործածել: Յատկապէս կարեւոր է բժիշկին տեղեկացնել այն բոլոր դեղատեսակներուն մասին, զորս բերնի ճամբով կը գործածէք, որովհետեւ semaglutide-ը կրնայ փոխել ձեր մարմնին կողմէ այս դեղերը ներծծելու ձեւը:
– Տեղեկացուցէք ձեր բժիշկը, եթէ ունիք կամ երբեւէ ունեցած էք շարոյրի բորբոքում (ենթաստամոքսային գեղձի բորբոքում), շաքարախտային ցանցամաշկային բորբոքում (diabetic rethinopathy), լեղապարկի (gallbladder), կամ երիկամներու հիւանդութիւն: Նաեւ տեղեկացուցէք ձեր բժիշկը, եթէ վերջերս ունեցած էք փորհարութիւն, սրտխառնոց կամ փսխում, կամ եթէ չէք կրնար հեղուկներ խմել բերնի ճամբով, որովհետեւ այդ կրնայ յանգիլ ջրազրկման:
– Տեղեկացուցէք ձեր բժիշկը, եթէ կը նախատեսէք յղիանալ: Ան կրնայ ձեզի խորհուրդ տալ դադրեցնել ներարկումներու օգտագործումը ծրագրուած յղիութենէն 2 ամիս առաջ:
– Տեղեկացուցէք ձեր բժիշկը, եթէ յղի էք կամ կուրծքով կը կերակրէք: Եթէ դուք յղիանաք այս ներարկումը օգտագործած ժամանակաշրջանին, դիմեցէք ձեր բժշկին:
Հարցուցէք ձեր բժիշկին, թէ ինչ պէտք է ընել, եթէ ձեր սննդականոնին, թափին կամ ծանրութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ կան: Տեղեկացուցէք զինք եթէ դուք հիւանդ էք, վարակ ունիք կամ ջերմութիւն, անսովոր սթրես կ՛ապրիք կամ վիրաւորուած էք: Այս փոփոխութիւններն ու պայմանները կրնան ազդել ձեր արեան շաքարի եւ Semaglutide-ի ներարկման քանակի վրայ:
– Երբ semaglutide-ի ներարկում կ՛օգտագործէք ծանրութիւն թեթեւցնելու համար, պէտք է գիտնալ, որ ձեր հոգեկան առողջութիւնը կրնայ փոխուիլ անսպասելի կերպով: Կրնաք ինքնասպանութեան միտքեր ունենալ (մտածել ձեր անձին վնասել, ինքնասպան ըլլալ, կամ ծրագրել այդ մէկը): Ձեր ընտանիքը կամ ձեր խնամակալը պէտք է անյապաղ կերպով դիմէ ձեր բժշկին, եթէ զգաք հետեւեալ ախտանիշներէն որեւէ մէկը.
Ա. Ընկճուածութիւն,
Բ. Խօսիլ կամ մտածել դուք ձեզ վիրաւորելու կամ ձեր կեանքին վերջ դնելու ցանկութեան մասին,
Գ. Հեռանալ ընկերներէ եւ ընտանիքէ,
Դ. Մտազբաղութիւն` մահուան եւ մեռնելու հետ կապուած,
Ե. Վարքի կամ տրամադրութեան անսովոր փոփոխութիւններ:
Վստահ եղէք, որ ձեր ընտանիքը կամ խնամակալը գիտէ, որ ախտանիշները կրնան լուրջ ըլլալ, որպէսզի անոնք կրնան բժիշկ կանչել պէտք եղած պարագային:
Ի՞նչ պէտք է ընել դեղաչափ մը մոռնալու պարագային:
Ներարկեցէք մոռցուած դեղաչափը ձեր յիշելուն պէս: Այնուամենայնիւ, եթէ մոռցուած դեղաչափէն անցած է աւելի քան 5 օր, շրջանցեցէք մոռցուած դեղաչափը եւ շարունակեցէք դեղաչափի ձեր կանոնաւոր ընթացքը: Մի՛ ներարկէք կրկնակի դեղաչափ` մոռցուածը լրացնելու համար:
Եթէ մոռցած էք Ozempic-ի ձեր չափաբաժինը աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր, կապ հաստատեցէք ձեր բժիշկին կամ դեղագործին հետ եւ քննարկեցէք այդ մէկը:
Ի՞նչ կողմնակի ազդեցութիւններ կրնայ յառաջացնել այս դեղատեսակը:
Semaglutide-ի ներարկումը կրնայ յառաջացնել կողմնակի բարդութիւններ: Տեղեկացուցէք ձեր բժիշկը, եթէ այս ախտանիշներէն որեւէ մէկը ծանր է կամ չ՛անհետանար.
- Սրտխառնոց
- Փսխում
- Փորհարութիւն
- Փորի ցաւ
- Պնդութիւն
- Թթուածութիւն
- Անընդհատ կռթալ
Որոշ կողմնակի ազդեցութիւններ կրնան լուրջ ըլլալ. Եթէ կը զգաք ստորեւ նշուած ախտանիշներէն որեւէ մէկը, անմիջապէս հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին կամ շտապ բժշկական օգնութիւն ստացէք.
Ա. Շարունակական սուր ցաւ, որ կը սկսի ստամոքսի վերին ձախէն կամ մէջտեղէն եւ կը տարածուի դէպի մէջք` փսխունքի հետ մէկտեղ կամ առանց անոր,
Բ. Ցան, քերուըտուք, ուռեցք աչքերու, դէմքի, բերանի, լեզուի կամ կոկորդի,
Գ. Միզելու նուազ յաճախականութիւն եւ ոտքերու կամ բումբերու ուռեցք,
Դ. Տեսողութեան փոփոխութիւններ,
Ե. Ուշաթափութիւն (fainting) կամ գլխապտոյտ,
Զ. Տարածուող ցաւ վերին ստամոքսի բաժինը,
Ե. Մաշկի կամ աչքերու դեղնութիւն,
Զ. Տաքութիւն,
Է. Կաւի գոյն կղանք,
Ը. Սրտի արագ բաբախում,
Թ. Գլխապտոյտ, քրտնարտադրութիւն, շփոթութիւն կամ քնկոտութիւն, գլխացաւ, մշուշոտ տեսողութիւն, զառանցում, դող, անհանգստութիւն կամ դիւրագրգռութիւն, տրամադրութեան փոփոխութիւններ, քաղց, թուլութիւն կամ տագնապի զգացում,
Ժ. Շնչառութեան կամ կուլ տալու դժուարութիւն:
Semaglutide-ի ներարկումը կրնայ յառաջացնել կողմնակի այլ բարդութիւններ: Հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին, եթէ այս դեղամիջոցը օգտագործած ժամանակ որեւէ արտասովոր խնդիր ունենաք:
Ի՞նչ պէտք է գիտնալ այս դեղատեսակի պահպանման եւ անկէ ձերբազատման մասին:
Պահեցէք այս դեղը իր տուփին մէջ` հեռու երեխաներէն: Պահպանեցէք զայն լոյսէն եւ ջերմութենէն` «գրիչ»-ի կափարիչը փակ վիճակի:
Պահպանեցէք չօգտագործուած Ozempic-ի |գրիչ\-ները սառնարանին մէջ [2՛C-էն 8՛C], բայց մի՛ դնէք զանոնք սառնարանի գաղջացնող համակարգող տարրին մօտ: «Գրիչ»-ը օգտագործման ժամանակաշրջանին կրնաք պահել սենեակային ջերմաստիճանի մէջ [15՛C-էն 30՛C], կամ սառնարանին մէջ: Չսառեցնէք զանոնք: Պէտք չէ օգտագործել սառեցուած «գրիչ»-ները: Ճամբորդութեան ժամանակ օգտագործուող գրիչները կարելի է պահել սենեակային ջերմաստիճանի մէջ [15՛C-էն 30՛C] (ոչ ինքնաշարժի առջեւի փեղկին մէջ կամ տաք տեղ մը դրուած): Նշեցէք «գրիչ»-ը առաջին անգամ օգտագործելու թուականը եւ 56 օր ետք թափեցէք զայն, նոյնիսկ եթէ «գրիչ»-ին մէջ տակաւին լուծոյթ կայ:
Անհրաժեշտ է բոլոր դեղատեսակները երեխաներու տեսադաշտէն եւ հասանելիութենէն հեռու պահել, որովհետեւ շատ մը տուփեր (օրինակ` դեղահատերը, աչքի կաթիլները, քսուքները, կպչուկները եւ ներշնչակները) երեխաներու համար դիմացկուն չեն, եւ փոքրիկները կրնան դիւրութեամբ բանալ զանոնք: Երեխաները թունաւորումէ պաշտպանելու համար միշտ փակեցէք կափարիչները եւ անմիջապէս դեղը դրէք անվտանգ վայրի մէջ` անոնց տեսադաշտէն ու հասանելիութենէն հեռու:
Անպէտք դեղատեսակներէ պէտք է ձերբազատիլ յատուկ ձեւերով` վստահ ըլլալու համար, որ ընտանի անասուններ, երեխաներ եւ այլ մարդիկ չվնասուին անոնցմէ: Այնուամենայնիւ, պէտք չէ ձերբազատիլ «գրիչ»-ներէն արտաքնոցի միջոցով:
Աղբիւր` Medlineplus.gov
Գիտէի՞ր
- Մարդկային բերանը ամէն օր մօտ մէկ լիթր լորձունք կ՛արտադրէ:
- Ձեր ուղեղը երբեմն աւելի գործուն է, երբ դուք քնացած էք:
- Հասուն մարդու արիւնատար անօթները կրնան չորս անգամ շրջանցել Երկիր մոլորակի հասարակածը:
- Լատիներէն ծագում ունի «Մկան» բառը (muscle), որ կը նշանակէ «փոքր մուկ». հին հռոմէացիներու կարծիքով, փոքր մուկի նման են պրկուած երկգլուխ (biceps) մկանները:
- Մարմինները կ՛արձակեն փոքր քանակութեամբ լոյս, որ չափազանց տկար է աչքով տեսնելու համար:
- Միջին մարդը իր պորտին մէջ ունի 67 տարբեր տեսակի պաքթերիաներ:
- Ամէն տարի մարդը կը կորսնցնէ մօտ 4 քիլոկրամ մորթի բջիջներ:
- Երեխաները արցունքներ չեն թափեր մինչեւ առնուազն մէկ ամսական:
- Տեղեկութիւնը կ՛անցնի ջիղերու միջոցով մօտ 400 քմ/ժ արագութեամբ:
- Մարդկային սիրտը միջին կեանքի ընթացքին կը բաբախէ աւելի քան երեք միլիառ անգամ:
- Ձեր ձախ թոքը մօտ 10 առ հարիւր աւելի փոքր է աջէն:
- Մարդու ակռաները նոյնքան ամուր են, որքան` շանաձուկին ակռաները:
- Գիտնականները հաշուարկած են, որ քիթը կրնայ ճանչնալ թրիլիոն տարբեր բոյրեր:
- Մարդիկ ճանչցուած միակ կենդանի արարածներն են, որոնք կրնան շիկնիլ:
- Արիւնը կը կազմէ մարմնի ծանրութեան մօտ ութ առ հարիւրը:
Աղբիւր` National Geographic