Ուաշինկթընն ու Անգարան միասնաբար պիտի աշխատին հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան հասնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած են կողմերը Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա ռազմավարական մեքանիզմի 7-րդ նստաշրջանէն ետք, որ 8 մարտին տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ: Նիստը գլխաւորած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները` Էնթընի Պլինքընն ու Հաքան Ֆիտանը:
«Հարաւային Կովկասի հարցին մէջ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընն ու նախարար Ֆիտանը յանձնառու են միասնաբար աշխատիլ` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաւասարակշռուած եւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի հաստատման, եւ համակարծիք են, որ համաձայնագիրը պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան, համագործակցութեան եւ բարեկեցութեան», նշուած է թուրք-ամերիկեան միացեալ յայտարարութեան մէջ:
7 մարտէն Ուաշինկթըն գտնուող թրքական դիւանագիտութեան պետը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը քննարկած էր նաեւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, կողմերը աջակցութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ ընդգծած. «Յառաջընթացը, որ այս ուղղութեամբ ձեռք պիտի բերուի, վճռորոշ պիտի ըլլայ Կովկասի բարգաւաճման համար»:
Երկու Երկիրներու Փոխնախարարները Եւս Քննարկած Են
Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութիւնը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Քըրթ Քեմպըլ 8 մարտին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պուրաք Աքչափարի հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ, ուր այցելութեամբ կը գտնուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի պատուիրակութիւնը: Կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, Քեմպըլ եւ Աքչափար քննարկած են շրջանային եւ համաշխարհային առաջնահերթութիւններու շուրջ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա ռազմավարական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման հարցերը, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ տնտեսական համագործակցութիւնը եւ Ասիոյ մէջ ու անոր սահմաններէն դուրս միասնաբար աշխատելու այլ կարելիութիւնները:


