Ազրպէյճանական «Ազ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը տեսանիւթ հրապարակած է Պաքուի բանտին մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հարցազրոյցի մասին: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Կայանը տակաւին չի յայտներ հարցազրոյցի բովանդակութիւնը:
Ազրպէյճան 3 հոկտեմբերին ձերբակալեց եւ Պաքու տեղափոխեց Արցախի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:


