«Հայաստանի տարածքին մէջ Ազրպէյճանի իսլամական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը մեծ հիասթափութիւն կը յառաջացնէ», երէկ Պաքուի մէջ «Պաշտպանելով բազմազանութիւնը. պայքար իսլամաֆոպիայի դէմ 2024» նիւթով միջազգային խորհրդաժողովի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ալիեւ ըսած է, թէ Ազրպէյճան դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` թեքնիք առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստան` «գնահատելու վիճակը մեր մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններուն, որոնք տարիներ շարունակ ոչնչացուած են այդ երկրին մէջ»:
«Ցաւօք, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն տակաւին չէ արձագանգած այս կոչին», աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:


