Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. «Ամերիկեան Եւ Եւրոպական Միջնորդութիւնները Ամէնէն Յուսալի Երաշխիքներն Են»

March 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուէն կը ստացուին որոշ մտահոգիչ յայտարարութիւններ. եւ վարչապետն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարզապէս պիտի լսեն ու հաշուի պիտի առնեն այդ յայտարարութիւնները: «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին` անդրադառնալով անոր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը վերջերս յայտարարեց, որ Ազրպէյճանը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի կը պատրաստուի, Ֆրանսան ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ` կանխարգիլելու նախապատրաստուող նոր պատերազմը:

«Ֆրանսան կարեւոր դեր խաղացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին որոշ առանցքային տարրերու ձեռքբերման հարցին մէջ, մասնաւորաբար` Փրակայի մէջ հոկտեմբեր 2022-ին երկու կողմերու միջեւ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն` փոխադարձաբար իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ եւ Ալմաթիի հռչակագիրի հիման վրայ սահմանային հարցերը լուծելու: Ասիկա մեր` արդէն ունեցած նպաստն է: Այժմ մենք կ՛աջակցինք բոլոր ջանքերուն` Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ հասնելու տեւական, կայուն եւ արդար խաղաղութեան համաձայնագիրին: Ասիկա մեր դիրքորոշումն է, եւ այն ինչ որ կրնայ տեղի ունենալ այդ ուղղութեամբ, նոյնպէս պիտի ստանայ մեր աջակցութիւնը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ, ի՞նչը կրնայ ըլլալ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի երաշխիքը, Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան ի՞նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ այս առումով, Ֆրանսայի դեսպանը յայտնած է. «Թանկոն երկուքով կը պարեն: Նախ եւ առաջ երկու կողմերը պէտք է անկեղծօրէն կամենան յանգիլ համաձայնագիրին: Եւ, անշուշտ, վերջին աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին մենք հասած ենք որոշակի վստահութեան, որ անհրաժեշտ է երրորդ կողմի աջակցութիւն եւ երաշխիքներ:

«Մեր կարծիքով` ամերիկեան եւ եւրոպական միջնորդութիւնները ամէնէն յուսալի երաշխիքներն են: Եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի պարագային մենք տեսած ենք, որ երաշխաւորութեան համակարգը, որ 2020-էն ի վեր կը գործէ, չաշխատեցաւ: Եւ մենք պէտք է ատկէ դասեր քաղենք»:

Դեսպանը նաեւ ըսած է, թէ Ֆրանսային կը մտահոգէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտումը: Հայաստանի հետ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Ֆրանսայի համագործակցութիւնը, այն միջոցները, որ Ֆրանսան կը տրամադրէ Հայաստանին, ուղղուած են բացառապէս Հայաստանի պաշտպանութեան, երկու երկիրները պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւն կը կառուցեն երկարաժամկէտ կտրուածքի համար:

Նախորդը

Վարդապետեան Լա Հէյի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Փութինը Ձերբակալելու Հրամանագիր Տուած Դատախազին Հետ

Յաջորդը

Կարմիր Խաչի Աշխատակիցները Այցելած Են Պաքուի Մէջ Ապօրինաբար Կալանաւորուած Արցախի Ղեկավարութեան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.