Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիւնիքի Մէջ Յայտնաբերուած Ազրպէյճանցի Զինուորը Արդէն Պաքու Է

March 6, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 փետրուարի շուրջ ժամը 5:15-ին, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի հատուածիhն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորներու կողմէ յայտնաբերուած ազրպէյճանական զինեալ ուժերու զինուոր Ռուսլան Էլտանիս-Օղլու Փենախովը, որ կտրած էր Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանը, վերադարձած է Պաքու: Այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ դէպքին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով նախաձեռնուած էր քրէական վարոյթ:

Քննութեամբ ի յայտ եկած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը անցած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու զինուորը Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու դիրքերուն մօտ յայտնուած է ազրպէյճանական դիրքի մէջ զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք փախուստի դիմելու եւ մոլորելու պատճառով:

«Իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում եւ ի կատարումն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ձեռք բերուած համաձայնութեան, որ երկու կողմերու մոլորած եւ հակառակ կողմ յայտնուած զինուորները սեղմ ժամկէտներու մէջ պէտք է վերադարձուին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշած է Ռուսլան Էլտանիս-Օղլու Փենախովը յանձնել ազրպէյճանական կողմին», նշուած էր յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն «Հայաստանի Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Սկսելու» Եւ Միացնելու «Բռնագրաւուած» 8 Գիւղերը

Յաջորդը

Չեթին. «Թուրքիան Պէտք Էր 1915-ի Համար Հայերէն Ներում Հայցէր»

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.