ՄԱՀԱԶԴ
Նախկին նախարար եւ երեսփոխան տիար Աբրահամ Տէտէեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Քլոտին Տէտէեան եւ դուստրը` Թալին
Տէր եւ տիկին Անտրէ եւ Մանալ Տէտէեան եւ զաւակները` Մարի, Աբօ եւ Ճորճ
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Նաթալի Գալֆայեան եւ զաւակները` Ռայան, Ադամ եւ Նորա
Տէր եւ տիկին Ժատ եւ Շուշան Զէյն եւ զաւակը` Լիւք
Լէյլա, Հայֆա եւ Անթուանեթ Եախուր եւ ընտանիքներ
Տէտէեան եւ Եախուր ընտանիքներ
Մանիսաճեան եւ Հաքիմ ընտանիքներ
Միսի եւ Գալֆայեան ընտանիքներ
Զէյն եւ Մինէ ընտանիքներ
Մանիսալեան եւ Լէփէճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, կեսրոջ, զոքանչին, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՏԷՏԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵԱԽՈՒՐ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 27 փետրուար 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 29 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 1 եւ շաբաթ, 2 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ասպետուհի Սիմոնեան (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Սեմ եւ Օֆելիա Սիմոնեան եւ զաւակները` Քրիսթել եւ Փիեռ (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Լիզա Սիմոնեան եւ զաւակները` Փիեռ, Իզապէլ, Լիօ եւ Էլայզա (Արքանսաս)
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սօսի Սիմոնեան եւ զաւակները` Փիեռ եւ Նիքոլեթ (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Անգինէ Սիմոնեան եւ դուստրը` Քլոուի (Լոս Անճելըս)
Տիկին Զապէլ Սիմոնեան եւ զաւակները` Սեմ, Պերճ, Սեդա եւ զաւակունք, Արա (Թեքսաս)
Տիկին Անի Սիմոնեան եւ զաւակները` Մարալ, Արա, Սեմ եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տիկին Նուէր Սիմոնեան եւ զաւակները` Մարիեթ, Սիլվա եւ Ռիթա եւ զաւակունք, Սեմ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լուսինէ Հալէպլեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Գաբօ եւ Սիւզի Սահակեան եւ զաւակունք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Համբարձում եւ Փոլա Ղազարեան եւ դուստրը` Անա (Ուիչիթա)
Տէր եւ տիկին Մինաս եւ Մարիա Փափազեան եւ զաւակները` Հայկ, Վահան, Էօժենի
Սիմոնեան եւ Ղազարեան ընտանիքներ
Հալէպլեան եւ Եանըքեան ընտանիքներ
Պասմաճեան եւ Աբարտեան ընտանիքներ
Ադամեան եւ Փափազեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներ
Տուրնայեան եւ Հզօր ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, կեսրայրին, խնամիին եւ հարազատին`
ՓԻԵՌ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ
(Coiffure Pierre)
(Ծնեալ` Լաթաքիա, 1939-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2024-ին, իր բնակարանին մէջ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 1 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին, Ֆորեսթ Լոն, Չըրչ օֆ տը Հիլզ (Ուայթ Չըրչ) Հոլիվուտ Հիլզ գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց բոյն»-ին:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ`
ՄԱՐԴՈՒՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ ՀԱՅՈՒՆ ՄԷՋ»
Հեղինակ` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
«Արամ Մանուկեան» մատենաշար, թիւ 9
Տպարան Զաւէն եւ որդիք
Պէյրութ, 2023
***
«ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՇՏՈՒԻԼ ԹՈՒՐՔԻՆ ՀԵՏ»
Հեղինակ` ԶԱՐԵՒԱՆԴ
Արամ Մանուկեան մատենաշար, թիւ 10
Տպարան Զաւէն եւ որդիք
Պէյրութ, 2023
***
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-Ի 2024-Ի ԲԱՑԱՌԻԿ
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ
—————————————
ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԻ (ԲԻԱՆՕ)
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ
Տիկին Անժելա Խտըշեան վերադարձած ըլլալով Լիբանան, վերսկսած է դասաւանդել դաշնամուրի անձնական դասեր: Ժամադրութեան համար հեռաձայնել 01-446078 կամ 71-179288 թիւերուն: