Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 28 փետրուարի շուրջ ժամը 5:15-ին, Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի սահմանային հատուածին մէջ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծը կտրած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու զինուոր մը, որ զինուած եղած է «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրով եւ 1 սանտրով:
Ան վնասազերծուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորներուն կողմէ: Դէպքին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախքան այդ հաղորդած էր զինուորին մոլորուելուն մասին:
Կը նշուի, որ 28 փետրուարի առաւօտեան ազրպէյճանական բանակի զինուոր Ռուսլան Փանախովը, բռնագրաւեալ Բերձորի շրջանին մէջ ծառայողական դիրքերու միջեւ շարժելով, եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով մոլորուած է:


