Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գորշ Գայլերը Ֆրանսահայերուն Դէմ Կը Գործեն Թրքական Գաղտնի Սպասարկութիւններուն Եւ Կառավարութեան Հետ Համագործակցութեամբ

April 6, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրատ Փափազեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան անդրադառնալով Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան Ֆրանսայի մէջ թրքական ազգայնական շարժումներուն մասին զեկուցումին  (տես` «Ազդակ», չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2012, էջ 5)` «Երկիր Մետիա»-ին կը յայտնէ, որ «մենք գիտենք, որ (թրքական) գաղտնի սպասարկութիւններուն, զինուորականներուն, թրքական կառավարութեան եւ Գորշ գայլերուն միջեւ հայկական հարցին շուրջ համաձայնութիւն կայ: Ասիկա միակ հարցն է, որուն շուրջ կրնան համաձայնիլ, որպէսզի մեզ տկարացնեն: Կը փորձեն վախի մթնոլորտ ստեղծել, կը հետեւին, հաղորդագրութիւններ կ՛ուղարկե»:

«Վտանգը այն է, որ մենք այսօր Ֆրանսայի մէջ ունինք քաղաքական կշիռ մը, զոր անոնք կ՛ուզեն հակակշռել: Շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ անոնք ունին թրքական պետութեան, իսկ մենք` Ֆրանսայի հայկական համայնքի միջոցները, զորս համեմատելը անկարելի է»:

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ թրքական կողմը արդէն քայլերու ձեռնարկած է Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան պատրաստած զեկուցումը կեղծ յայտարարելու ուղղութեամբ: Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ ըստ իրենց տեղեկութեանց, նման զեկուցում չէ եղած: Սակայն Ֆրանսայի Ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ այս առնչութեամբ պաշտօնական որեւէ մեկնաբանութիւն չէ կատարուած:

Թուրքիոյ մէջ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է 1990-ական թուականներուն Թուրքիոյ վարչապետին ներկայացուած յատուկ զեկուցումը, ուր հանգամանալից կերպով ներկայացուած են 80-ական թուականներուն Ֆրանսայի հայ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու, ազգային, մշակութային հաստատութիւններու դէմ գործուած այն յարձակումներն ու մահափորձերը, որոնք կատարուած են ազգայնական խումբերու հիման վրայ ձեւաւորուած եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան համակարգին մէջ ոչ պաշտօնապէս գործած տարրերու կողմէ: Անոնց ղեկավարը «Մաֆիա»-ի եւ թրքական գաղտնի կառոյցներու համակարգին միջեւ «կամուրջ»-ի դեր ունեցած Ապտուլլահ Չաթլըն էր, որուն խորհրդաւոր մահը մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական ազդեցութիւն ունի:

Ասոնք փաստեր են, որոնք արդէն Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս կը հրապարակուին: «Թուրքիոյ անվտանգութեան կառոյցի գաղտնի պատմութիւն» խորագիրով գիրքը օրինակներէն մէկն է: Գիրքի հեղինակ Թունճայ Էօզքան արդէն երկու տարիէ ի վեր կը գտնուի բանտը:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Ամէն Ինչ Կատարուի, Որպէսզի Ճանչցուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Յայտարարեց Մարքուլիս

Յաջորդը

«Մենք Պիտի Շարունակենք Կրօնական Համայնքներուն Համար Թուրքիոյ Մէջ Անհրաժեշտ Բարեփոխումները Կատարելու Հարցին Մէջ Արթուն Ըլլալ» Կ՛Ըսէ Քլինթըն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.