Քրեմլինի պաշտօնական բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ դարձեալ յայտարարած է, որ Մոսկուան Հայաստանի իշխանութիւններէն պիտի խնդրէ բացատրութիւններ տրամադրել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն, մասնաւորաբար ՀԱՊԿ-ի մէջ անդամակցութեան սառեցման վերաբերեալ:
«Այս հարցին մէջ առայժմ յստակութիւն չի նշմարուիր: Մենք բաւական յաճախ կը հաղորդակցինք մեր հայ գործընկերներուն հետ եւ ի հարկէ այդ հարցը պիտի յստակացնենք», նշած է Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը, սակայն, յատուկ ընդգծած է. «Եթէ մեկնելու ըլլանք համապատասխան փաստաթուղթերէն, ապա ՀԱՊԿ-ի մէջ տէ ժիւրէ (սառեցուած անդամակցութեան) նման դրութիւն պարզապէս գոյութիւն չունի»:


