Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնած է, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
«Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի հանդիպումը, որմէ ետք որոշուած է վերսկսիլ բանակցային հոլովոյթը:
«Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ դէմ առ դէմ բանակցութիւններ կատարել Հայաստանի պատուիրակութեան հետ», նշած է Պայրամով:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ Եւրոպական Միութիւնն ու Ֆրանսան մեղադրած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ կացութեան «սրման» եւ «հրահրման» յանցանքով:
«Սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործողութիւնները, արեւմտեան տարբեր դիւանագէտներու սահման ժամանումը` առանց այնտեղ որեւէ լարուածութեան գոյութեան, այս բոլորը յանգեցուցած է այն բանին, որ հարցը մշտապէս եղած է օրակարգի վրայ, եւ անիկա ներկայացուած է իբրեւ լարուածութիւն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Պայրամով:
«Ատոր օրինակն է այդ առաքելութեան վերահսկման գօտիէն Ազրպէյճանի սահմանի խախտումը, իսկ յետոյ արձակազէնի կրակոցով մեր զինուորը վիրաւորելը առանց որեւէ պատճառի», ըսած է Պայրամով` Եւրոպական Միութեան ուսերուն դնելով ազրպէյճանական յարձակումին մեղքը:
Ան առանձին ուշադրութիւն յատկացուցած է Ֆրանսայի վրայ յարձակումներուն: Անոր համաձայն, Ֆրանսայի կողմէ նախաձեռնուող դրական քայլերու ժամանակ աշխուժացումը կը ծառայէ հարցի սրման: «(Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ) Շոլցի նախաձեռնած հանդիպումէն ետք յիշատակուեցաւ եւ համաձայնութիւն գոյացաւ խաղաղ հոլովոյթի զարգացման կարեւորութեան շուրջ: Սակայն ատկէ անմիջապէս ետք յաջորդեցին Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը, յետոյ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Հայաստան, եւ անոր սադրիչ յայտարարութիւնները ատոր օրինակն են», ըսած է Պայրամով:


