Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, խօսելով ՀԱՊԿ-ի հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշման մասին, ըսած է, որ Երեւանը պէտք չէ նեղանայ կազմակերպութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՊելԹԱ»-ն:
Երկրի ղեկավարը նշած է, որ այս նիւթը մէկ անգամ չէ, որ քննարկուած է, եւ պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ-ի բոլոր անդամներուն համար Ազրպէյճանը օտար երկիր չէ:
Ան անգամ մը եւս կրկնած է, որ ՀԱՊԿ-ն ընդհանրապէս պատճառ չունէր ներքաշուելու հայ-ազրպէյճանական տագնապին մէջ:
«Պատերազմեցան, մեր դիրքորոշումը ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլար: Հայերը մեր մտերիմներն են, մեր հարազատները, իսկ Ազրպէյճանը ի՞նչ է` օտա՞ր է, ատոր համար ալ յայտնուեցանք նման կացութեան մէջ: Եւ ՀԱՊԿ-ի համար ոչ մէկ պատճառ կար ներքաշուելու այս տագնապին մէջ, բացարձակապէս ոչ մէկ պատճառ կար», ընդգծած է Լուքաշենքօ:
«ՀԱՊԿ-ի մէջ կան բազմաթիւ իսլամական երկիրներ, դուք ալ ատիկա կը հասկնաք, մասամբ այստեղէն կու գայ համապատասխան դիրքորոշումը: Եւ երրորդ` Հայաստանը կ՛ուզէր, որ մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմին մէ՞ջ ներքաշուէինք: Այդ պարագային պատերազմը մինչեւ հիմա պիտի շարունակուէր, եւ հազարաւոր մարդիկ պիտի զոհուէին», ըսած է Պիելոռուսիոյ ղեկավարը:
Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ իշխանական համակարգը այնպէս կառուցուած է, որ ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու հարցը պէտք է խորհրդարանին մէջ որոշուի:
«Այնտեղ Փաշինեան չի կրնար որոշում տալ` մտնե՞լ, թէ՞ դուրս գալ, այնտեղ խորհրդարանը կ՛որոշէ: Կը կարծեմ` Հայաստանի խորհրդարանին մէջ խելամիտ մարդիկ մեծամասնութիւն են: Մեր, ՀԱՊԿ-ի դէմ դժգոհութիւններ չեն կրնար ըլլալ», աւելցուցած է Լուքաշենքօ:


