Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Մոալլեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ ապահովական կացութեան առումով իրենց մտահոգութիւնները փարատած են` հաստատելով, որ Սուրիա ընդառաջած է միջազգային եւ շրջանային պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութեան եւ կը ջանայ գործադրել այդ նախաձեռնութեան կէտերը:
Այս շրջագիծին մէջ, Մոալլեմ շեշտեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ խլրտումներ պատճառող զինեալ խմբաւորումները իրենց կարգին պէտք է նախանձախնդիր ըլլան բռնարարքներու կասեցումին:


